Դիմակահանդէս-Մրցոյթ Նոր Ջուղայի Մէջ` Բուն Բարեկենդանի Առիթով

Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Երէցներու միաւորի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ միաւորի ամբողջ անձնակազմի, Փետրուար 7-ի երեկոյեան միութեան մարզասրահին մէջ նշուեցաւ հայկական աւանդական Բուն Բարեկենդանը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Երանոյշ Թահմազեան:
Ողջոյնի եւ բացման խօսքէն ետք` թիւով 55 տարազաւորներ մասնակցեցան կերպարներու ներկայացման մրցոյթին եւ ըստ իրաւարար կազմի` գնահատուեցան լաւագոյն կերպարները:
Տօնախմբութեան ընթացքին բազմահարիւր ներկաներ վայելեցին Երէցներու միաւորի պատրաստած ուտեստներն ու ըմպելիքները, իսկ մանուկները վայելեցին գեղեցիկ փաթեթաւորուած քաղցրաւենիքներ ու այլ ուտեստներ: Միաւորը` ի շահ միութեան, վաճառքի հանած էր նաեւ դիմակներ եւ տեղուոյն վրայ նախատեսած էր բարեկենդանին յատուկ դիմայարդարման հնարաւորութիւն:
Նշելի է, որ բեմային ծրագիրի իրականացման եւ ուտեստներու մատակարարման գիծով համագործակցութիւն բերած էին միութեան Մշակութային եւ Սկաուտական միաւորները:
Լուսանկարները` հեղինակի