Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Սուրիոյ Մէջ Զինադադար Կը Հաստատուի

Սուրիոյ մէջ զինադադարը պէտք է հաստատուի մէկ շաբթուան ընթացքին, իսկ քաղաքական կարգաւորման մասին ներսուրիական բանակցութիւնները կրնան մեկնարկել մինչեւ յաջորդ շաբթուան վերջը: Այս մասին կը գրէ Mediamax.am-ը:

Ինչպէս կը յայտնէ ՏԱՍՍ-ը, որոշումը ընդունուած է Միւնխենի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ միջազգային աջակցման խումբի անդամ պետութիւններու հանդիպման:

Երկու տասնեակ պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները մնացած էին 5 ժամ սեղանի շուրջ` նախատեսուածէն գրեթէ երկու անգամ աւելի:

Հանդիպման մասնակցած են Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի, Եգիպտոսի, Չինաստանի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, Իրաքի, Իրանի, Յորդանանի, Քաթարի, Լիբանանի, Օմանի, Սաուտեան Արապիոյ, Թուրքիոյ, ԱՄԷ-ի, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան, ՄԱԿ-ի ու Արաբական պետութիւններու լիկայի ներկայացուցիչները:

«Մենք պայմանաւորուած ենք դադրեցնել կրակը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: Շատ կարեւոր է վերջ դնել բռնութեան ու արիւնահեղութեան»,- յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Ճոն Քերին:

Անոր խօսքով` ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը «Կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ գործող բոլոր կողմերուն, բացի ISIS ու «Ճապհաթ Ալ Նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ յայտարարուած իւրաքանչիւր այլ ահաբեկչական կազմակերպութենէ»:

Ինչպէս լրագրողներուն յայտնած է Գերմանիոյ ԱԳՆ ղեկավար Ֆրանգ-Վալտեր Շտայնմայերը, Ռուսաստանն ու Իրանը պէտք է ճնշում գործադրեն Սուրիոյ իշխանութեան վրայ, զինադադար կնքելու համար:

«Այժմ խօսքը այն մասին է, որ Մոսկուան ու Թեհրանը ստիպեն Ասատի վարչակարգին դադրեցնել կրակը: Ատիկա կը վերաբերի, միւս կողմէն, սուրիական ընդդիմութեան բազմաթիւ միաւորումներուն, որոնք պէտք է դադրեցնեն մարտական գործողութիւնները», – յայտարարած է նախարարը:

Հրադադարի գործնական իրականացման նպատակով որոշուած է ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ ստեղծել աշխատանքային խումբ, որուն համանախագահները կ’ըլլան Ռուսաստանն ու ԱՄՆ-ն: ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարին խօսքով` զինուորականներէ ու դիւանագէտներէ կազմուած խումբի լիազօրագիրը կը  ներառէ նաեւ ահաբեկիչներու կողմէ գրաւուած տարածքներու սահմանումը:

Զինադադարը կ’ըլլայ առաջին քայլը ներսուրիական բանակցութիւններու մեկնարկի ուղղութեամբ, ընդգծած է Սերգէյ Լաւրով: Անոր խօսքով` կարեւոր է թոյլ չտալ նախկին բացասական փորձի կրկնութիւնը. «Բանակցութիւնները պէտք է վերսկսին, որքան հնարաւոր է շուտ, առանց վերջնագիրներու ու նախապայմաններու»:

Scroll Up