ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Քննարկուեցան Ազգային Ինքնութեան Հարցերը

Փետրուար 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին համար ազգային ինքնութեան խնդիրներու վերաբերեալ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Չինական միջազգային աւագ դպրոցի ավագ դպրոցի տնօրէն, Միջազգային Պակալաւրիատ ծրագիրի ղեկավար Վահագն Վարդանեան:

Դասախօսութեան ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան տեսաշարով ներկայացուց ազգային ինքնութեան մասին իր ուսումնասիրութիւնը, համեմատական վերլուծութիւն կատարեց այլ ժողովուրդներու ինքնութեան յենասիւններու հետ: Պարոն Վարդանեան անդրադարձաւ Աւստրալիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի, Սինկափուրի հայկական համայնքներու խնդիրներուն, Հայաստան-Սփիւռք կապերուն, Սփիւռք-Սփիւռք առնչութիւններուն, կարեւոր համարեց Հայաստանի կեանքին սփիւռքի ներգրաւուածութեան հարցերը: Բանախօսը ներկայացուց, մասնաւորապէս, Մելպուռնի եւ Սիտնէյի համայնքներու համեմատական նկարագիրը,  զարգացման միտումները եւ հեռանկարները: Ծաւալեցաւ աշխոյժ քննարկում:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսին հետաքրքիր դասախօսութեան եւ արդիւնաւէտ քննարկման համար:

 Վահագն Վարդանեան ուսանած է ԱՄՆ-ի  Միսուրի նահանգի համալսարանին մէջ, ունի գործարար կառավարման մագիստրոսի եւ միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի գիտական աստիճաններ: 2005թ-էն կ’ապրի եւ կ’աշխատի  Արեւելեան Ասիոյ մէջ,  կը դասաւանդէ Միջազգային Պակալաւրիատ ծրագիրի ծիրէն ներս` Սինկափուրի Հիլսայտ Ակատեմիոյ մէջ, որ առաւել յայտնի է որպէս Չինական միջազգային դպրոց: Վահագն Վարդանեան  կը  զբաղի գիտական գործունէութեամբ Սինկափուրի ազգային համալսարանին մէջ:

1 2

Scroll Up