ԱՄՆ-ը 22 Տոկոսով Կ՛աւելցնէ Հայաստանին Յատկացուող Օգնութիւնը

Սպիտակ տունը կը նախատեսէ 2016-ի պիւտճէով 22 միլիոն 412 հազար տոլար յատկացնել Հայաստանին որպէս տնտեսական օգնութիւն: Նախորդ տարուան համեմատ այդ գումարը աւելցած է 22 տոկոսով:

Հայ դատի յանձնախումբի մամուլի խօսնակ Էլիզաբեթ Չուլճեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ առհասարակ ԱՄՆ-ի` արտաքին օժանդակութեան համար յատկացուող գումարները վերջին տարիներուն նուազած են:

«Այո, յառաջադիմութիւն է, որ 22 տոկոսով աւելի բարձր է, նախորդ տարուան համեմատ: Բայց իրականութիւնը այն է, որ ընդհանրապէս Ամերիկայի` արտաքին օժանդակութեան գումարները տարիներու ընթացքին նուազած են եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛աշխատի ոչ միայն ընդլայնել այդ գումարները, այլ, տեղեակ ըլլալով, թէ ինչպէս է ներկայ քաղաքական իրավիճակը արտաքին օժանդակութեան, կեդրոնացնել մեր աշխատանքները նաեւ Ամերիկա-Հայաստան ներդրումներու հզօրացման ուղղութեամբ», – ըսած է Հայ դատի յանձնախումբի մամուլի խօսնակը:

ԱՄՆ-ի 2017 թուականի պիւտճէի նախագիծով կ՛առաջարկուի մօտ 11 միլիոն տոլար տրամադրել Ատրպէյճանին:

Հայ դատի գրասենեակը, ընդգծելով «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին Ատրպէյճանի դրսեւորած յարձակողական քաղաքականութեան», մտահոգիչ կը համարէ, որ այս տարի եւս պիւտճէով յատկացումներ չեն նախատեսուիր Լեռնային Ղարաբաղի համար:

Հարցումին, թէ յանձնախումբը կը փորձէ՞ ինչ-որ կերպով ազդել Սպիտակ տան որոշման վրայ, Չուլճեան պատասխանած է. – «Այո, նախագահական պիւտճէներուն մէջ Արցախի համար յատուկ գումար նշուած չէ եղած նոյնիսկ Օպամայէն առաջ: Որպէս նոր ծրագիր, մենք կոչ կ՛ուղղենք, որ հինգ միլիոն գումար տրուի Ստեփանակերտի մէջ գտնուող Lady Cox վերականգնողական կեդրոնին համար»:

Ըստ յանձնախումբին, Lady Cox վերականգնողական կեդրոնին մէջ տարեկան բժշկական օգնութիւն կը ստանայ ֆիզիկական եւ մտաւոր խնդիրներ ունեցող 1000 մարդ:

Հայ դատի յանձնախումբի մամուլի խօսնակը նաեւ նշած է, որ գրասենեակը ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Միացեալ Նահանգները պիւտճէով 10 միլիոն տոլար յատկացնէ Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքէն Հայաստան եկած 20 հազար հայերուն օգնելու համար:

«Անցեալ տարի յատուկ հանդիպումներ ունեցանք Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին օժանդակութեան բաժնի հետ, որ կը զբաղի փախստականներու վերաբնակեցման աշխատանքներով: Մեր մտահոգութիւնները յայտնեցինք, որ բաւարար օգնութիւն չի ցուցաբերուիր Սուրիայէն, Լիբանանէն Հայաստան գացածներուն: Մենք կը փորձենք լուծումներ գտնել, թէ ինչպէս կրնայ Ամերիկան օժանդակել, յատկապէս օգնել թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այն ընտանիքներուն, որոնք վերաբնակեցուած են, օգնենք իրենց գոնէ տան վարձերը մուծելու, մինչեւ որ անոնք կարենան նոր գործ գտնել, մինչեւ որ երեխաները դպրոց երթան, մինչեւ որ կարենան առօրեայ ծախսերը հոգալ, որ իրենց անհրաժեշտ տունը ունենան», – ըսած է Էլիզաբեթ Չուլճեան:

Scroll Up