Սուրիացի Զոյգին Հարսանեկան Լուսանկարները Հոմսի Աւերակներուն Մէջ

Սուրիացի երիտասարդ զոյգը հարսանեկան լուսանկարներու շարք մը իրականացուցած են վերջին տարիներուն պատերազմի հետեւանքով աւերակներու վերածուած Հոմս քաղաքին մէջ: Այս մասին կը գրէ Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով «France 24»-ը:
Լուսանկարիչը փորձած է ցոյց տալ, հակառակ աւերակներուն սէրը գոյութիւն ունի: Նկարներուն մէջ նորապսակները կը ժպտին այնպէս, կարծես ոչինչ պատահած է, ամէն բան լաւ է:
Անոնք պատմած են, որ լուսանկարները առնուած են քանի մը օր առաջ` Փետրուար 5-ին:
«Ես համաձայնած եմ, լուսանկարուիլ այս ամայի վայրերուն մէջ, որպէսզի իմ երեխաներուս ցոյց տամ եւ պատմեմ, որ հակառակ դժուարութիւններուն ու տխրութեան, կեանքը կը շարունակուի»,-ըսած է հարսը:
Անոնք այսպիսով կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ մահէն աւելի ուժեղը կեանքն է: