ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Քննարկուեցան «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Ուսուցիչներու Դասընթացքի Կազմակերպչական Հարցերը

Փետրուար 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ քննարկուեցան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց 2016թ.» ծրագիրի հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան, կրթական գործի կազմակերպիչներու եւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան` հայոց լեզուի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներու կազմակերպչական հարցերը:

Քննարկման մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ազգային ինստիտուտի տնօրէն Նորիկ Ղուկասեան, տնօրէնի տեղակալ Վարդան Ղանդիլեան, նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժինի պետ Նունէ Վարդանեան, ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտի փոխտնօրէն, «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» 2016-ի ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեան, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներու համատեղ իրականացումը, երկու նախարարութիւններու սերտ համագործակցութիւնը, դասընթացներու ճիշդ կազմակերպումը եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը:

Աշխատանքային խումբի անդամները հանդէս եկան առաջարկներով, նշեցին, որ 2016թ. ծրագիրին մէջ տեղ գտած են նաեւ դասընթացներու նախորդ տարիներու մասնակիցներու նախասիրութիւնները, անդրադարձան նաեւ ուսուցիչներու հանգիստի, հայրենաճանաչութեան ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու կազմակերպման հարցերուն:

1 2

Scroll Up