Սուրիական Հակամարտութեան Կարգաւորման Ժնեւի Բանակցութիւնները Դադրեցուած Են Մինչեւ Փետրուար 25
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/39dc154bbf8bd5fb5c0b21467dd19.jpg)
Սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման Ժնեւի բանակցութիւնները դադրեցուած են մինչեւ Փետրուար 25: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոստին` յղում ընելով ՄԱԿ-ի` Սուրիոյ խնդիրով յատուկ պատուիրակ Ստաֆան տէ Միստուրան:
Տէ Միստուրան նշած է, որ բանակցութիւններու կասեցման պատճառ դարձած է այն, որ կողմերը իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էին ընթացակարգային հարցերու քննարկման, այլ ոչ թէ Սուրիոյ ժողովուրդի մարդասիրական խնդիրներու լուծման վրայ: Միեւնոյն ժամանակ տէ Միստուրան ժխտած է այն ենթադրութիւնը, որ բարդութիւնները կրնային պայմանաւորուած ըլլալ Սուրիոյ մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններով:
«Այդ հարցերը չէին քննարկուիր»,- նշած է ան: Ինչպէս ըսած է տէ Միստուրան, բանակցութիւններու մասնակիցներուն անհրաժեշտ է մեծ աշխատանք կատարել: «Նախապատրաստական բանակցութիւններու առաջին շաբթուընէ ետք դեռեւս շատ աշխատանք մնացած է, որ անհրաժեշտ է ընել, ոչ միայն մեր կողմէն, այլեւ շահագրգիռ կողմերէն»,- յայտարարած է դիւանագէտը:
Ինչպէս հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը, Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութեան ղեկավար Պաշար Ջաֆարին նշած է, որ բանակցութիւնները կասեցուած են ատոնք լքելու ընդդիմութեան մտադրութեան պատճառով: Նման ցուցում, ինչպէս կը պնդէ Ճաֆարին, անոնց տուած են Սաուտեան Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները: