Շուէտի Հայկական Համայնքը Կ’ակնկալէ Երկրի Կառավարութեան Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած Շուէտի մէջ հայկական համայնքը 2016 թուականին կ’ակնկալէ Շուէտի կառավարութեան դիրքորոշումը:

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նշեց Շուէտի հայկական միութեան խօսնակ Վահագն Աւետեան: «Շուէտի խորհրդարանը 2010-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ըրաւ կառավարութեան նոյնպէս դիրքորոշում յայտնել:

Նախկին կառավարութիւնը այդ ուղղութեամբ բան չըրաւ, բայց ներկայ կառավարութիւնը ըսած է, որ մէկ տարուան ընթացքին իրենց կարծիքը կը յայտնեն: Մենք  կը հետեւինք այդ գործընթացին եւ կ’ակնկալենք, որ այս տարի կառավարութիւնը կը յայտնէ իր դիրքորոշումը»,-ըսաւ Վահագն Աւետեան:

Անոր խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած պարբերաբար  աշխատանք կը տարուի: Բաւական աշխոյժ էր 2015 թուականը: Շուէտական լրատուամիջոցները բազմաթիւ յօդուածեր, տեղեկագրութիւններ հրապարակեցին Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով: «Պէտք է աշխուժօրէն աշխատիլ շուէտ-հայկական խորհրդարանական խումբին հետ: Անոնց աշխուժութիւնը, կարելի է ըսել, նաեւ մեր աշխուժութենէն  կախուած է, եւ մենք կը նախատեսենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Կը կարծեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին կողքը պէտք է դնել նաեւ Արցախի հարցը: Մանաւանդ, տեսանք, ԵԽԽՎ երկու հակահայկական զեկոյցներ քննարկուեցան»,-աւելցուց Վահագն Աւետեան: Շուէտի հայկական միութեան խօսնակը նշեց, որ հայկական համայնքին համար կարեւոր է նաեւ սուրիահայ գաղթականներու հարցը: Վերջին շրջանին մեծ թիւով սուրիահայեր  հասած են Շուէտ:

«Կը փորձենք օգնել տարբեր հարցերով, իսկ խնդիրները բազմազան են` նիւթական, կրթական, փաստաթղթային հարցեր եւ այլն»,-ըսաւ Վահագն Աւետեան` նշելով, որ հայկական միութիւնները կը զբաղուին շաբաթօրեայ կամ կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանքներու կազմակերպմամբ:

 

Scroll Up