Հ.Հ.Հ . Մոնթրէալի մասնաճիւղը կառուցած է Արցախի Խանձք գիւղի համայնքային կեդրոնը (տեսանիւթ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Khantsk-1.jpg)
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի (Հ.Հ.Հ.) Մոնթրէալի մասնաճիւղը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը հաստատէ, թէ աւարտին հասցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խանձք գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները։
Կառոյցը պիտի ծառայէ շրջակայ 4 գիւղերուն, ուր պիտի կեդրոնացուին ընկերային զանազան ծառայութիւններ, ինչպէս՝ բժշկական, գիւղատնտեսական, արհեստագիտական եւ նաեւ՝ որպէս համայնքի հաւաքի կեդրոն: