Ահաբեկչական Խմբաւորումներ Հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղը

Վայրկեաններ առաջ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 2 կազի տակառներ արձակեցին Նոր Գիւղի շրջանի` Ճեմարանի պողոտային վրայ: Այս մասին կը գրէ ‹Գանձասար›-ը:
Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ, շրջանի ելեկտրամատակարարման գործիքներէն մէկը բռնկեցաւ ու այրիլ սկսաւ: Ներկայ ժամու տուեալներով վիրաւորներ չկան: