Հայ Դատը Խոշորացոյցի Տակ Կ՝առնէ ԱՄՆ Նախագահի Թեկնածուներու Հայամէտ եւ Հակահայկական Գործունէութիւնը

Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ առանձնացուցած է թեկնածուներու գործունէութեան ընթացքին հայկական թեմատիկային առնչուող ելոյթները կամ գործողութիւնները: Armenpress.am առանձնացուցած է անոնցմէ քանի մը հատի մասին տուեալները:
ԱՄՆ յաջորդ նախագահի ամենահաւանական թեկնածուներէն մէկը` դեմոկրատ գործիչ Հիլըրի Քլինթընին առնչուող յիշատակումներուն մէջ կը նշուի, թէ ինչպէս ան 2005 եւ 2006 թուականներու Ապրիլին ստորագրած է այն ժամանակուան նախագահ Ճորճ Պուշին ուղղուած նամակին տակ` յորդորելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
107-րդ (20012002) եւ 108-րդ (20032004) գումարման Քոնկրէսի մէջ ան համահովանաւորն էր այն բանաձեւին, որմով կը վերահաստատուէր աջակցութիւնը Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ դատապարտման համաձայնագրին: 109-րդ (20052006) եւ 110-րդ (20072008) գումարման նստաշրջանին համահովանաւորն էր բանաձեւի, որմով կոչ կ՝ուղղէր նախագահին վստահեցնել, որ ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութիւնը կ՝արտացոլէ համապատասխան հասկացողութիւն եւ զգայունութիւն այն հարցերուն հետ կապուած, որոնք կ՝առնչուին մարդու իրաւունքներուն, ցեղական զտման եւ ցեղասպանութեան, որ ամրագրուած է ԱՄՆ զեկոյցներուն մէջ` կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: Իբրեւ պետական քարտուղար` 2009 թուականին ան գլխաւորած է ԱՄՆ պատուիրակութիւնը ձախողած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ժամանակ: Աւելի ուշ` 2014 թուականին, ան այդ արձանագրութիւններու մասին յուշերը հրապարակեց իր Hard Choices («Բարդ ընտրութիւն») գիրքին մէջ: 2010 թուականին կրկին իբրեւ պետական քարտուղար ան Երեւանի մէջ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` նշելով, որ ատիկա կ՝ընէ միայն «անձնական որոշումով»:
2012 թուականի Յունուարին ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան անձնակազմի հետ հանդիպման ընթացքին Քլինթըն Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձաւ իբրեւ «պատմական բանավէճ»-ի առարկայ: Այս յայտարարութեան համար Քոնկրէսի շուրջ 60 անդամ 2012 թուականի Փետրուարին դատապարտեցին զինք: ԱՄՆ 45-րդ նախագահի պաշտօնի միւս թեկնածուի` հանրապետական Տոնալտ Թրամփի` հայկական թեմայով որեւէ յայտարարութիւն Հայ Դատի յանձնախումբը չէ արձանագրած: Այդուհանդերձ յայտնի է, որ Թրամփի ընկերակցութիւնը գործարքներ կ՝իրականացնէ ատրպէյճանցի վերնախաւին հետ, որոնք կ՝իրականացնեն հակահայկական լոպպիստական գործունէութիւն: Հանրապետական Ճէպ Պուշը, որ նոյնպէս թեկնածուներու շարքին է, Հայաստանի մէջ 1988 թուականի երկրաշարժէն յետոյ հօր` ԱՄՆ այն ժամանակուան նախագահ Ճորճ Պուշի հետ նոյն տարին` Դեկտոմբեր 24-ին այցելած է Հայաստան` մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելով բժշկական միջոցներու, հագուստի եւ խաղալիքներու տեսքով:
Ի դէպ, մարդասիրական այդ օգնութիւնը առաջինն էր, որ ԱՄՆ կը տրամադրէր Խորհրդային Միութեան: Իբրեւ ԱՄՆ Ֆլորիտա նահանգի նահանգապետ` 2006 թուականի Ապրիլ 7-ին ան Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակեց: 2013 թուականին ան ստացած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի մրցանակ:
Դեմոկրատ թեկնածու Պերնի Սանտերը ամենահայանպաստ թեկնածուներու շարքին է: Ան 1995-2012 թուականներու ընթացքին ԱՄՆ քոնկրէսին մէջ աջակցած է բազմաթիւ հայանպաստ եւ հակաթրքական բանաձեւերու եւ զեկոյցներու, ինչպէս, օրինակ, Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական ժառանգութեան եւ պահպանութեան ու բռնագրաւուած գոյքի վերադարձման բանաձեւին, ստորագրած ԱՄՆ նախագահ Ճորճ Պուշին ուղղուած նամակին տակ` յորդորելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քուէարկել այն բանաձեւերու օգտին, որոնցմով կոչ կ՝ուղղուի դադրեցնել նիւթական աջակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին եւ այլն: Հանրապետական միւս թեկնածու Քրիս Քրիստիի վերաբերեալ Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը չունի որեւէ յիշատակում հայանպաստ գործունէութեան առնչութեամբ: Փոխարէնը յայտնի է, որ ան 2012 թուականին հրապարակած է նամակ Խոջալուի այսպէս կոչուած «կոտորածներ»-ու տարելիցին առնչութեամբ:
Հանրապետական Թետ Քրուզը 2015 թուականի Ապրիլ 27-ին համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին քոնկրէսականներ Ռոպերթ Մենենտեսի, Մարք Քիրքի, Պարպարա Պոքսըրի եւ Քորի Կարտնըրի ներկայացուցած բանաձը, որ այս պահուն ունի 21 համահովանաւոր: Իսկ 2015-ի Ապրիլ 18-ին ան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տարածած է յայտարարութիւն: