ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Փետրուար 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական ընդլայնուած խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին փոխնախարարները, աշխատակազմի ղեկավարը, ստորաբաժանումներու, ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» կայքէջի ղեկավարները: Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները զեկուցեցին շաբթուան ընթացքին կատարած աշխատանքներուն մասին:

Քննարկուեցան ՀՀ կառավարութեան գերակայ ուղղութիւններով նախատեսուած 2016 թուականի ծրագիրները եւ ատոնց կատարումը ապահովող ձեռնարկները:

 Կարեւոր համարուեցան ՀՀ անկախութեան   25-ամեակին նուիրուած ծրագիրներու իրականացման, «Սփիւռք» ամառնային դպրոց», «Արի տուն» ծրագիրներու, Համահայկական մրցանակաբաշխութեան, ինչպէս նաեւ, ՀՀ տնտեսութեան մէջ ներդրումային ծրագիրներուն մասին սփիւռքի տեղեկացուածութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած աշխատանքները, սուրիահայերու ընդելուզման ծրագիրի ծիրէն ներս նախատեսուած ձեռնարկները, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: Տրուեցան մանրամասն յանձնարարականներ:

Scroll Up