Արսէն Ջուլֆալակեան Թուրքիոյ Մէջ Ոսկէ Մետալ Նուաճեց

Թուրքիոյ մէջ կայացած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարին, որ կը կրէր Ուեհտի Էմրէի եւ Համիտ Քափլանի անունը, 75 քկ քաշային կարգով գերազանց հանդէս եկած է 2014-ի աշխարհի ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ ArmFootball.com-ը։

Ջուլֆալակեան յաղթած է երեք մրցակիցներու եւ հասած եզրափակիչ, ուր ուժեղ գտնուելով վրացի մրցակիցէն, ճանչցուած է մրցաշարի յաղթող:

Նշենք, որ 66 քկ քաշային կարգով հանդէս եկած է անոր եղբայրը` Արամ Ջուլֆալակեանը, որ պարտուած է առաջին իսկ գօտեմարտին:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Հայաստանի հաւաքականի միւս անդամները այս օրերուն հանդէս եկած են Պուլկարիոյ մէջ կայացած միջազգային մրցաշարին, ուր նուաճած են 3 ոսկէ, 2 արծաթէ ու 2 պրոնզէ մետալ:

Scroll Up