Քալիֆորնիոյ Մէջ Համալսարանի Տնօրէն Ընտրուած Է Մարի Փափազեանը

Քալիֆորնիոյ Սան Խոսէի համալսարանի ղեկավար նշանակուած է հայ Մարի Փափազեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ համալսարանի կայքը:

Համալսարանի հոգաբարձումներու խորհուրդը նման որոշում  կայացուցած է Յունուար 27-ին: Ըստ այդմ, Փափազեան կը դառնայ համալսարանի 29-րդ տնօրէնը, 3-րդ կին ղեկավարը 159-ամեայ պատմութեան մէջ:

«Ուրախ եմ, որ համալսարանի հոգաբարձումներու խորհուրդը հէնց ինծի  ընտրած է ղեկավար` վստահելով այս կարեւորագոյն կառոյցի զարգացումը ինծի»,- ըսած է Մարի Փափազեան:

Մարի Փափազեան անցեալին եւս  ղեկավարի պաշտօններ գրաւած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան առաջին հայ կինն էր, որ 2012թ.-ին նշանակուեցաւ Հարաւային Գոնեքթիքուտի պետական համալսարանի տնօրէն:

Յիշեցնենք, որ Մարի Փափազեան ծնած եւ մեծցած է Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու մէջ:

 

Scroll Up