«Թուրքիոյ Մէջ Չկայ Քրտական Հարց, Կայ Հայկական Հարց». Հայատեաց Թուրք Պատգամաւոր

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (ԱԶԿ-AKP) պատգամաւոր Ֆարուք Չաթուրօղլուն, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն ժամանակ, անդրադառնալով քրտական հարցին, հանդէս եկած է հայատեաց յայտարարութեամբ:
Չաթուրօղլուն յայտարարած է, որ հայերը դաւաճանած են Օսմանեան կայսրութեան եւ հարուած հասցուցած թիկունքէն:
«Թուրքիոյ մէջ քրտական հարց չկայ, կայ հայկական հարց»:
ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` Չաթուրօղլուի հակահայկական յայտարարութիւնները մէջբերող թրքական «aktifhaber.com» կայքը կը գրէ. «Հետաքրքիր է, թէ ԱԶԿ-ական հայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեան ու վարչապետ Տաւութօղլուի պատուաւոր խորհրդական, իշխանական «Aksam» թերթի յօդուածագիր Էթյէն Մահչուփեան ինչպէս կ’արձագանքեն ԱԶԿ-ական պատգամաւոր Չաթուրօղլուի խօսքերուն»: