ԵԽԽՎ-ի Նախագահ Ընտրուած Է Ատրպէյճանամէտ Փետրօ Ակրամունտը

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի` ԵԽԽՎ-ի նախագահ ընտրուած է սպանացի պատգամաւոր Փետրօ Ակրամունտը, tert.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ pravda.com.ua-ն:
Ակրամունտի թեկնածութիւնը առաջարկուած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան կուսակցական quota -ով: Այլ թեկնածութիւններ չեն առաջադրուած:
Վեհաժողովի անդամներէն ոեւէ մէկը չէ հակաճառած անոր ընտրուելուն, որուն պատճառով ձեւական քուէարկութիւն տեղի չէ ունեցած:
Ակրամունտը Սպանիոյ ծերակոյտի անդամ է` Վալենսիայէն: Քաղաքական գործիչը յայտնի է Ուքրանիոյ օգտին իր յայտարարութիւններով, ան նաեւ Ղրիմը միացնելուն խիստ քննադատ է:
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս կը գրէ կայքը, որոշ մարդիկ անոր ընտրութիւնը վիճելի կ’անուանեն, քանի որ անոր անունը հնչած է Ատրպէյճանի կողմէ ԵԽԽՎ-ի անդամներուն կաշառելու վերաբերեալ լրագրողական հետաքննութիւններուն մէջ: