Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Չճանչնալը Կը Բխի Քաղաքական Խնդիրներէ

Յունուար 27-ը Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի օրն է: Աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներու մէջ, ներառեալ Հայաստանի, այդ օրը կը կազմակերպուին բազմաթիւ յիշատակի ձեռնարկներ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հայաստանի հրէական համայնքի նախագահ Ռիմա Վարժապետեան յայտնած է, թէ Հայաստանի հրէական համայնքը Յունուար 27-ին, ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի հետ յիշատակի ձեռնարկ պիտի իրականացնէ Երեւանի մէջ։
«Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս անգամ եւս պիտի հաւաքուինք Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոսթին նուիրուած յուշահամալիրին մօտ, ծաղիկներ պիտի խոնարհենք` յարգելով միլիոնաւոր նահատակուած հրեաներու յիշատակը»,- ըսած է Ռիմա Վարժապետեան:
Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի այլ հատուածներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Ռիմա Վարժապետեան նշած է, որ այսօր գլուխ կը բարձրացնեն նացիստական ուժերը, հաւանաբար, մոռնալով 20-րդ դարու դաժան իրողութիւնները:
«Մենք ականատես կ՝ըլլանք ցաւալի զարգացումներու մերձաւոր Արեւելքի եւ այլ երկիրներու մէջ: Եւ եթէ մենք այսօր չըսենք «այլեւս երբեք», ուստի չի բացառուիր, որ կրկնուին Հոլոքոսթի տարիները»,- ընդգծած է Ռիմա Վարժապետեան:
Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի նախագահի տեղակալ Կարէն Յովհաննիսեանի խօսքով, ցաւօք, 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութենէն, յետագային նաեւ Հոլոքոսթէն, աշխարհը դասեր չէ քաղած: «Կը շարունակուին դաժան իրադարձութիւները: Տեսանք, թէ ինչ եղաւ Ափրիկեան որոշ երկիրներու մէջ, այսօր լարուած իրավիճակ է Եւրոպայի մէջ: Կը կարծեմ, այդ ամէնը պէտք է նպաստէ, որ սթափ մտածող մարդիկ վերյիշեն անցեալը եւ ընեն ամէն ինչ բացառելու համար նախկին սեւ էջերը»,- ըսած է Կարէն Յովհաննիսեան:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչու Իսրայէլը մինչեւ հիմա չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Կարէն Յովհաննիսեան նշած է, որ քաղաքականութեան խնդիր կայ: «Իսրայէլի մէջ իրականացուած հարցման համաձայն, հասարակութեան մեծ մասը կողմ է, որ Իսրայէլը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ցաւօք, շատ ժամանակ քաղաքական գործիչներու եւ հասարակութեան կարծիքները կը տարանջատուին: Շատ քաղաքական գործիչներ նախընտրական շրջանին կ՝ըսեն, որ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց հազիւ ընտրուին, այդ մասին կը մոռնան»,- ըսած է Կարէն Յովհաննիսեան: Հրէական համայնքի ներկայացուցիչները այդ գործընթացին մէջ կարեւոր համարած են ժողովրդական դիւանագիտութեան դերը: