ԵԽԽՄ-ի Մէջ Հակահայ Օրինագիծերուն Կողմ Քուէարկելը Կ’ըլլայ Ոչ Ճիշդ Դիրքորոշում Բարեկամ Հայաստանի Նկատմամբ

Ֆրանսայի կառավարութիւնը Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ֆրանսացի պատգամաւորներուն ներկայացուցած է ԵԽԽՎ-ի մէջ հակահայկական երկու օրինագիծերու հետ կապուած իր դիրքորոշումը` նշելով, որ ատոնց կողմ քուէարկելու որոշումը կ’ըլլայ որդեգրած ոչ ճիշդ դիրքորոշում` բարեկամ Հայաստանի նկատմամբ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` այդ մասին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին նշեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարարին առընթեր Զարգացման եւ Ֆրանքոֆոնիայի հարցերով Պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն:

«ԵԽԽՎ-ի մէջ ներգրաւուած են  շարք մը երկիրներ: Ֆրանսան չի կրնար ներգրաւուիլ անոնց գործերուն: Մեր երկիրը ներկայացուած է այդ կառոյցին մէջ եւ մենք ֆրանսացի պատգամաւորներուն ըսած ենք, որ այդ օրինագիծերու ընդունումը կ’ըլլայ ոչ ճիշդ դիրքորոշում բարեկամ Հայաստանի նկատմամբ»,­ ըսաւ տիկին ժիրարտէն` խորհուրդ տալով սպասել ԵԽԽՎ-ի մէջ քննարկումներու աւարտին:

«Խօսքս կը ցանկամ աւարտել այսպէս. կեցցէ՜ հայ­ֆրանսական բարեկամութիւնը»,­ ըսաւ պետական քարտուղարը:

ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանը կը մեկնարկէ Յունուար 25-­ին: Նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած է երկու հակահայկական զեկոյց: Զեկոյցներէն մէկը, որուն հեղինակն է բրիտանացի պատգամաւոր Ռոպերթ Ուոլթերը կը կրէ «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի  եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւուած տարածքներուն մէջ» անուանումը:

Երկրորդ զեկոյցը կը վերաբերի Սարսանգի ջրամբարին եւ կը կրէ «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէն» խորագիրը: Զեկոյցի հեղինակը պոսնիացի պատգամաւոր Միլիցա Մարկովիչն է: Հակահայկական բանաձեւերը քուէարկութեան կը դրուին Յունուար 26-­ին:

Scroll Up