Ղընեմիէի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Կառոյցի Խաչը Վար Առնուած Է
«Գանձասար»-ի թղթակից Յովիկ Շէհիրեան տեղացիներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, թէ Ղընեմիէի Ս. Գէերգ եկեղեցւոյ կառոյցը, գիւղին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հակակշռին տակ եղած շրջանին, մասամբ վնասուած է։
Զինեալ խմբաւորումներ վար առած են եկեղեցւոյ խաչը, եկեղեցւոյ սրահը վնասուած է, սակայն եկեղեցին կանգուն է։
Աւելցնենք, որ Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ։ Ղնեմիէի մէջ կը գտնուի հայ առաքելական Ս․Գէորգ եկեղեցին, որ կառուցուած է 1875-ին Ղնեմիէի ժողովուրդին կողմէ։ Սակայն տեղացի ծերունիներու վկայութեան համաձայն, 1875-ը նորոգութեան թուական կը համարուի, մինչ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուայ հնութիւն եղած է։
1959-ին, օրուայ առաջնորդ Ղեւոնդ Արք․ Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը։ Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 Օգոստոս 1959-ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը՝ 31 Յուլիս 1960-ին, ձեռամբ Ղեւոնդ Արք․ Չէպէեանի։ 1997-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․Առաջնորդութեան կողմէ վերանորոգուած է գմբէթը։
1991-ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս․Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը։