Արցախի ՄԷջ 2015 Թուականին Աճած Է Ժողովրդական Գործիքներու Եւ Վոքալի Բաժին Ընդունուածներու Թիւը

2015 թուականին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ իրականացուած է 20 ծրագիր, որմէ` 11-ը` մշակութային, 9-ը` երիտասարդական, որոնց ծիրէն ներս իրականացուած է 400-է աւելի ձեռնարկներ: aparaj.am-ի փոխանցմամբ` այս մասին Յունուար 20-ին 2015թ. գործունէութիւնը ամփոփող մամլոյ ասուլիսի ժամանակ տեղեկացուցած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ն. Աղաբալեան:
Նախարարը 2015թ. Արցախի մշակութային կեանքի առանցքային իրադարձութիւններէն առանձնացուցած է Գանձասարի վանական համալիրի հարեւանութեամբ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի` «Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնի բացումը, Լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեանի` Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին հայկական դրամներու բացառիկ հաւաքածուի նուիրաբերումը` բաղկացած Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ Երկրորդի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջաններու մետաղադրամներու եւ թղթադրամներու 168 նմուշներէն, տարբեր նուիրատուներու կողմէ տարուան ընթացքին Շուշիի կերպարուեստի, երկրաբանութեան, պատմութեան պետական թանգարաններու մշտական ֆոնտերու համալրումները եւ այլն:
2015 թուականի ձեռնարկներէն նախարարը առանձնացուցած է մշակութային ինքնութեան ու ազգային աւանդոյթներու վերականգնման ուղղուած, մասնաւորապէս` ազգագրական պարերու տարածման, ազգային պարերու ուսուցման խրախուսման ձեռնարկները: Արցախի մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած եւ ԼՂՀ դպրոցներու միջեւ իրականացուած է «Ազգային պար» մրցոյթը, որուն մասնակցած են մայրաքաղաքի 6 եւ ԼՂՀ շրջաններու 17 խումբեր` 300-է աւելի պարողներով:
2015 թուականը առանձնացած է նաեւ երկու աննախադէպ ծրագիրներով, որոնք հնարաւորութիւն տուած են ընդլայնել պետական համագործակցութիւնը եւ նոր կապեր հաստատել մեր բարեկամ երկիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ` մշակոյթի միջոցով: Ատոնք են` «Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» եւ «Արցախի օրեր Մոսկուայի մէջ»:
Արտերկրէն ժամանած անհատ կատարողներու եւ մշակութային խումբերու, հայ եւ օտարերկրացի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ տասնեակ ձեռնարկներ կազմակերպուած են Արցախի մէջ:
Հաշուետու ժամանակաշրջանին նախարարութիւնը ապահոված է Արցախցի արուեստագէտներու մասնակցութիւնը միջազգային եւ հայաստանեան շարք մը մրցոյթներու` արձանագրելով յաջողութիւններ այդ հարթակներուն վրայ:
Կրթական ոլորտէն ներս կատարուած բարեփոխումներու արդիւնքով 2014-2015թթ. ընթացքին ԼՂՀ տարբեր արուեստի դպրոցներու եւ անոնց մասնաճիւղերուն մէջ բացուած են 64 նոր դասարաններ, որմէ 30-ը բացուած է 2015թ.: Ընդ որում` նոր դասարաններ բացուած են ոչ միայն գործող դպրոցներուն եւ մասնաճիւղերուն մէջ, այլեւ նոր համայնքներու` Շօշ, Խնածախ, Ազոխ, Գիշի, Թաղավարդ համայնքներուն եւ Աջափնեակի մէջ: ԼՂՀ-ի մէջ գործող 13 արուեստի ու երաժշտական դպրոցներուն եւ անոնց 26 մասնաճիւղերուն մէջ 2015թ. Մայիս 1-ի համեմատ աշակերտներու թիւը աճած է 688-ով, դասատուներունը` 24-ով: Շրջաններուն մէջ արուեստի դպրոցներու բացման արդիւնքով աւելցած է նաեւ Ստեփանակերտի Սայաթ-Նովայի անուան քոլեջ շրջաններէն ընդունուողներուն թիւը: 2014-15 ուսումնական տարուան քոլեջ ընդունուած 28 ուսանողներէն 17-ը շրջաններէն են, 1-ը` Ջաւախքէն, ընդ որում, մեծ մասը` ժողովրդական գործիքներու եւ ժողովրդական վոքալի բաժին: Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ աշխատանքներու շնորհիւ վերացած է անցեալի առկայ այն կարծրատիպը, որ ժողովրդական գործիք նուագելը ժամանակակից չէ. հակառակը` այժմ ժողովրդական գործիքներու եւ վոքալի յաճախելու միտում կը նկատուի: