Ֆրանսա-Լեռնային Ղարաբաղ Բարեկամութեան Խումբը Համալրած Են Ֆրանսացի Նոր Խորհրդարանականներ

Ֆրանսա­-Լեռնային Ղարաբաղ բարեկամութեան խումբը համալրուած է նոր 8 անդամներով:

Մասնաւորապէս, խումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են Ազգային ժողովին մէջ Սոցիալիստական խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ լը Ռուն, նոյն խմբակցութենէն պատգամաւորներ` Ֆրանսուա Տիւմաս, Նաթալի Նիեզոն, Միշէլ Տեստօն, Հիւ Ֆուրաժ, Ֆրանսուա Միշել­լամբեր, Ժան Լոնէյ, ինչպէս նաեւ Դեմոկրատներու եւ անկախներու միութեան Ռոն Ալպի տարածքային մարմնի ղեկավար Էմանուէլ Մանտոն: Այսպիսով, Ֆրանսա-­ԼՂ բարեկամութեան խումբի անդամներու թիւը դարձած է 48: «Մեր շրջանակը կ’ընդգրկէ Ֆրանսայի գրեթէ բոլոր շրջանները եւ քաղաքական կողմնորոշումներ ներկայացնող անձանց, որոնք կը պաշտպանեն արդարութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքը: Հէնց ասոր մէջ է  մեր գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը»,­ «Արմէնփրէս»-­ի հաղորդմամբ` համատեղ յայտարարութեան մէջ նշած են խումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան եւ փոխնախագահներ Ռոշենէ Ռուքէն եւ Կի Թեսիէն:

Ֆրանսուա Ռոշպլուան ողջունելով նոր գործընկերներու քայլը` դրական  համարած է գործադիր իշխանութեան մօտ կանգնած պատգամաւորներու ձգտումը` առաւել լաւ տեղեկանալու ղարաբաղեան խնդիրի մասին, որ հնարաւորութիւն կու տայ ֆրանսական քաղաքացիական հասարակութեան մէջ առաւել լաւ ներկայացնել ԼՂ-­ին առնչուող հարցերը:

«Գրեթէ 50 անդամներ ունեցող խումբը առաւել ներկայացուցչական է եւ կրնայ ալ աւելի արդիւնաւէտ աշխատիլ ԼՂ, անոր խնդիրները, հիմնարկները առաւել լաւ ճանչնալու գործին մէջ»,­ ըսած են Ռենէ Ռուքէն եւ Կի Թեսիէն:

Scroll Up