Սփիւռքի Կրթօճախներուն Ուսումնական Գրականութեան Եւ Ուսումնաօժանդակ Նիւթերու Մշակման Եւ Տրամադրման Ծրագիր

Յարգելի հայրենակիցներ,

Կը տեղեկացնենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը  2016 թուականին կը շարունակէ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական դպրոցներուն, կրթական հաստատութիւններուն, մանկապարտէզներուն, հայոց լեզուի ուսուցման խմբակներուն, դասարաններուն ուսումնական գրականութեան եւ այլ ուսումնաօժանդակ նիւթերու տրամադրման ծրագիրը: Սփիւռքի կրթօճախներուն կողմէ դասագիրքերու, ուսումնաօժանդակ նիւթերու պահանջարկը կը բաւարարուի կրթական հաստատութիւններուն կողմէ ներկայացուող յայտերու հիման վրայ:

Ձեզի առաջարկուող  ուսումնական, մեթոտական գրականութեան եւ օժանդակ նիւթերու 2016թ. ցանկը կազմուած է Հայաստանի Հանրապետութեան առկայ դասագիրքերու, ուսումնական ձեռնարկներու հիման վրայ, ինչպէս նաեւ հաշուի առնուած են մինչեւ այժմ Սփիւռքի կրթօճախներու կողմէ ներկայացուած  պահանջները:

Կը խնդրենք հայկական համայնքային կառոյցներուն, հայկական կազմակերպութիւններուն, կրթօճախներուն, կրթական գործի պատասխանատուներուն 2016-2017 ուսումնական տարուան համար անհրաժեշտ նիւթերու յայտերը ուղարկել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն:

Յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը 2016թ. Մարտ 15-ն է:

Դասագիրքերու, մեթոտական ձեռնարկներու, ուսումնաօժանդակ նիւթերու ծրարին մէջ ներառուած անուանացանկին դիմաց անհրաժեշտ է նշել աշակերտներու թիւին համապատասխան գիրքերու պահանջուող քանակութիւնը, իսկ ցանկին վերջաւորութեան տեղադրել հաստատութեան կնիքը եւ (կառոյցի կամ համայնքի ղեկավարի, հայկական կրթօճախի տնօրէնի) ստորագրութիւնը:

Յայտը իր մէջ կը ներառէ `

1.ՀՀ սփիւռքի նախարարի անունով հաստատութեան ձեւաթուղթի (blank)ի վրայ գրուած  դիմումը,

2.պահանջուող ուսումնական նիւթերու ցանկը:

Միաժամանակ կ’ուղարկենք կրթօճախներու  մասին հարցաթերթիկը եւ կը խնդրենք
ուսումնական նիւթերու յայտերն  ու լրացուած  հարցաթերթիկները  ուղարկել
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն հետեւեալ հասցէներով`

ՀՀ, ք. Երեւան,  Վազգէն Սարգսեան 3 կամ  էլ. փոստի հետեւեալ
հասցէներով. gitakrtakan.diaspora@mail.ru, gitakrtakan-diaspora@yandex.ru,

 allarmenian@mindiaspora.am,  gitakrtakan.books@gmail.com:

Ձեզի հետաքրքրող հարցերով կրնաք դիմել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան
համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժին:

Կից կրնաք ծանօթանալ նիւթերու ցանկին

 

Scroll Up