Հոլանտայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հանդիպում «Շշուկներու Մատեան» Գիրքի Հեղինակ Վարուժան Ոսկանեանի Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/Varujan-Vosganian.jpg)
Յունուար 23-ին ժամը 13:30-ին ռումանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, քաղաքական գործիչ եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան ելոյթ պիտի ունենայ «Աբովեան» մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ (Հասցէ` Weesperstraat 91, Հաակա, Նիտերլանտներ) իր գիրքերուն եւ հայկական այլ հարցերու մասին: Այս մասին«Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Աբովեան» մշակութային միութենէն:
Ան Հոլանտայի մէջ կը գտնուի իր «Շշուկներու մատեան» գիրքի հոլանտերէն թարգմանութեան հրապարակման առիթով: Հեղինակը նաեւ կը մակագրէ իր գիրքի օրինակները:
«Շշուկներու մատեան» գիրքը թարգմանուած է աւելի քան 10 լեզուներով: Այս գիրքը կը նկարագրէ հայերու կեանքը Ռումանիոյ եւ յարակից շրջաններուն մէջ` իրադարձութիւններով լի 20-րդ դարուն:
2015 թուականի Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ «Աբովեան» մշակութային միութիւնը մասնակցած է «Համաշխարհային ընթերցում» ձեռնարկին, որուն ընթացքին «Շշուկներու մատեան» գիրքի հոլանտացի թարգմանիչ Եան Վիլէմ Պոսը ընթերցած է այդ գիրքի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գլուխները:
Գերմանական շաբաթաթերթ «Der Spiegel»-ը «Շշուկներու մատեան» գիրքը համեմատած է Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Գաբրիէլ Կարսիա Մարգըսի «Հարիւր տարուան մենութիւն» գիրքին հետ:
Վարուժան Ոսկանեան դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ նաեւ Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ, ս.թ. Յունուար 21-ին, երեկոյեան ժամը 20-ին:
Հանդիպման կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, որ ձեռնարկի մուտքը անվճար է:
Կայանումը եւս անվճար է:
Հանրային հանրակառք` Randstadrail 4 (դէպի Uithof) եւ թրամուա 6 (դէպի Leyenburg),կանգառ` Tienhovenstraat: