Այս Գիշեր Ատրպէյճանական Զինուժը Կիրառած Է Նաեւ 82 Միլիմեթրանոց Ականանետ. ԼՂՀ ՊՆ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/Akananet.jpg)
Յունուար 20-ին եւ լոյս 21-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 300 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն: Շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ /2 արկ/:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիարժէք վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: