ԻՊ Գրոհայինները Իրաքի Մէջ Հնագոյն Քրիստոնէական Վանք Մը Աւերած Են

«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գրոհայինները աւերած են Իրաքի տարածքին մէջ գտնուող հնագոյն քրիստոնէական Սուրբ Եղիայի վանքը, sputnik.co.am կայք-էջի փոխանցմամբ` կը յայտնէ Ասոշիէյթտ Փրես գործակալութիւնը` յղում ընելով արբանեակէն առնուած լուսանկարներ:
Արբանեակներէն առնուած պատկերներուն վրայ կ’երեւի, որ վանքը աւերուած է ամբողջութեամբ:
Սուրբ Եղիայի վանքը կը գտնուի Իրաքի հիւսիսը` Սուրիոյ հետ սահմանին: Վանքը հիմնադրուած է 595 թուականին Եղիա ասորի վանականին կողմէ: