Պաքուի Ջարդերու Զոհերու Յիշատակի Արարողութիւններուն Փեթերսպուկի Մէջ Մասնակցած Են Նաեւ Վերապրածներ (Տեսանիւթ)

Ս. Փեթերսպուկի սուրբ Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 26 տարի առաջ, Յունուարի 13-ին Պաքուի մէջ ջարդարարներու ամբոխի զոհը դարձածներու յիշատակին: Այնուհետեւ ներկաներուն դիմեց Հիւսիս Արեւմտեան տարածաշրջանի հայոց համայնքի հոգեւոր հովիւ տէր Պօղոս աբեղայ Վարդանեան: «Մարդիկ կրնան մարմինը սպաննել, բայց հոգին երբեք չի մեռնիր, եւ մենք, որպէս ազգ, այդ անմահ հոգիներու հետեւորդն ենք, բաւ է այլեւս ցաւ, բաւ է այլեւս անհաւատութիւն, բաւ է այլեւս սպանութիւն, չարիք, մենք Աստուծոյ հետեւորդն ենք, մենք քրիստոնեայ ենք»,-  Երկիր մետիայի փոխանցմամբ` ըսաւ Տէր Պօղոս աբեղայ Վարդանեան:

Հայ համայնքի ներկայացուցիչները ծաղիկներ տեղադրեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ: «Վերնատուն» մշակութային կեդրոնին մէջ եկեղեցւոյ «Նոր սերունդ» երիտասարդական կազմակերպութեան անդամները ներկայացուցին Պաքուի հայ համայնքի պատմութիւնը:   Ելոյթներով հանդէս եկան Հիւսիս Արեւմտեան տարածաշրջանի հայոց համայնքի հոգեւոր հովիւն ու ԱՊՀ ՄԽՎ խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Հայկ Չիլինգարեան, որ ընդգծեց, որ Պաքուի ջարդերը պատմութենէն, մասնաւորապէս 1915թ-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն դասեր չքաղելու հետեւանք էին: ներկաները դիտեցին «Սովորական ցեղասպանութիւն. 1990թ-ի Յունուար» վաւերագրական ֆիլմը:

Կատաղած խուժանի ճանկերէն հրաշքով փրկուածներէն ոմանք հանգրուանած են նաեւ Ս. Փեթերսպուկի Մէջ: Անոնցմէ մէկը ԱՊՀ երկիրներէն փախստական եւ տեղահանուած երեխաներու վերականգնման եւ սոցիալական պաշտպանութեան «Ծիծեռնակ» միջազգային կեդրոնի ղեկավար Ատելինա Մնացականովան է: «Կը ղեկավարէի Պաքուի լաւագոյն մանկապարտէզներէն մէկը, եւ ինծի ներառած էին մահուան դատապարտուածներու ցանկին մէջ: Ամենածանր յիշողութիւններս կ’արթննան այս օրը, որովհետեւ ընկերներէս շատերը զոհուեցան: Սպաննուեցաւ ընկերուհիս` ընտանիքին հետ: Աստուծոյ կամօք ես փրկուեցայ: Երբ հասայ Մոսկուա եւ իջայ ինքնաթիռէն, առաջին միտքս էր` միթէ՞ ողջ եմ»,- պատմեց ականատեսը:   Մանրամասները` տեսանիւթին մէջ.

Scroll Up