Լեւոն Հայրապետեան Դատարանի Մէջ Յայտարարեց, որ Ինքզինք Մեղաւոր Չի Համարեր

Ձեռնարկատէր Լեւոն Հայրապետեան կը ժխտէ իր մասնակցութիւնը նախկին ծերակուտական Իկոր Իզմեսդեւի մօրմէն 700 հազար տոլարի յափշտակման: Ըստ Artsakhpress.am-ի` այս մասին մոսկուայի Զամոսգուորեչեան դատարանի դահլիճէն հաղորդած Է «ՌԻԱ Նովոստի»-ի թղթակիցը:

«Հանցագործութիւն չեմ կատարել, ես մեղաւոր չեմ»,- յայտարարած է մեղադրեալը, երբ դատախազը հրապարակած է գործով մեղադրական եզրակացութիւնը:

700 հազար տոլարի յափշտակման գործով Հայրապետեանին կը սպառնայ մինչեւ 10 տարուան ազատազրկում:

Լեւոն Հայրապետեան կը մեղադրուի ՌԴ Քրէական օրէնսգրքի 159 յօդուածի չորրորդ մասով նախատեսուած յանցագործութիւն (խարդախութիւն) կատարելու մէջ: Հետաքննութեան տուեալներով` 2010 թուականի Յունիսէն մինչեւ Օգոստոս Հայրապետեանը, փաստաբան Սերգէյ Անթոնովի հետ համատեղ «խաբէութեան եւ վստահութեան չարաշահման ճանապարհով մոլորութեան մէջ դրած է Մոսկուայի բնակչուհին` խոստանալով դրամական վարձատրութեան դիմաց հասնիլ անոր զաւակի նկատմամբ աւելի մեղմ դատավճիռի կայացման»: Ասոր դիմաց Հայրապետեանը անկէ դրամական միջոցներ ստացած է՝ 700 հազար տոլարի չափով: Իրականութեան մէջ Հայրապետեանը հնարաւորութիւն չէ ունեցած ազդելու տուեալ դատավճիռին վրայ:

Յիշեցնենք, որ Լեւոն Հայրապետեանը ձերբակալուած է 2014 թուականի Յուլիսին նախկին ծերակուտական Իկոր Իզմեսդեւի խոստովանական ցուցմունքներէն յետոյ, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է առանձնապէս ծանր շարք մը  յանցագործութիւններ կատարելու համար:

Scroll Up