Հալէպի Ազիզիէ Շրջանը Հրթիռակոծման Թիրախ

Շաբաթ,16 Յունուար 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Հալէպի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կեդրոնի, ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզի թաղերը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ մօտաւոր կէս ժամ ենթարկուեցան հրթիռակոծման, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ 4 զոհ, աւելի քան 35 վիրաւոր եւ նիւթական մեծ վնասներ, փուլ եկան բնակարաններ։
Նոյն ժամերուն հրթիռակոծուեցան նաեւ Պուսթան ալ Զահրաա եւ Օկարիթ շրջանները:
Այս մասին կը յայատնէ Գանձասար: