Տատիկէն` Զինուորին

Մեկնարկած է «Տատիկէն` զինուորին» նախագիծը, որուն ծիրէն ներս սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող տատիկներուն «Հայրենիքի դարպասներ» սոցիալական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կը տրամադրուի գաթայ թխելու եւ գուլպայ գործելու համար անհրաժեշտ մթերքներ եւ թելեր: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ «Հայրենիքի դարպասներ» սոցիալական հասարակական կազմակերպութեան Ֆէյսպուքեան էջէն:
Յունուար 28-ին թարմ գաթաները եւ տաք գուլպաները կը հասցուին այդ սահմանամերձ գիւղերու ու մեր երկրի սահմաններու անառիկութիւնը ապահովող զինուորներուն:
Բոլոր մթերքները կը գնուին սահմանամերձ գիւղերէն, նախագիծը կ’իրականացուի «Սահմանամերձ գիւղերու երեխաները Թումոյի մէջ» նախագիծին ընդգրկուած երեխաներու աշխոյժ մասնակցութեամբ:
Մեր տատիկներուն եւս մէկ անգամ առողջութիւն եւ երկար տարիներու կեանք ու մեր երկրի խաղաղութիւնը ապահովող զինուորներուն` մաղթենք բարի ծառայութիւն: