«Բոլորը Կը Զարմանային, Թէ Ինչպէ՞ս Մեզի Տուած Են Եկեղեցի Փրակի Կեդրոնին Մէջ»

Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովակիոյ հոգեւոր հովիւ հայր Բարսեղ վարդապետ Փիլաւչեան` Չեխիոյ հայ համայնքի մասին Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հոգեւոր հովիւ հայր Բարսեղ վարդապետ Փիլաւչեան «Առաւօտի» հետ զրոյցին Չեխիոյ հայ համայնքը կարող ու հեռանկարային կ’որակէ: Ինչ կը վերաբերի իր հովուութեան, կ’ըսէ` աշխարհի որ ծայրն  ալ ըլլաս, Աստուծոյ ծառայելը հեշտ է, եթէ կը սիրես  գործդ:

Հայր սուրբը 10 տարի առաջ  նշանակուած է, կը յիշէ, որ երբ ոտք դրաւ Փրակ, ոեւէ մէկուն չէր ճանչնար, ընդամէնը ունէր մէկ հայու հեռախօսահամար, որուն նոյնպէս չէր ճանչնար: 2015 թ. Հոկտեմբեր 11-ին Փրակի` 14-րդ դարուն կառուցուած Սբ. Հոգի կաթոլիկ եկեղեցին փոխանցուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ ծխական համայնքին` անժամկէտ օգտագործման համար: Հայր սուրբը ուրախութեամբ կը փաստէ, որ յետխորհրդային շրջանի մեր հայրենակիցներէն ձեւաւորուած հայ համայնքը մօտ է եկեղեցւոյ ու արմատներուն, կ’ըսէ` կան հայեր ալ, որ եկեղեցւոյ մօտ չեն, բայց կը փորձեն ինչ-ինչ միջոցներով մարդոց մօտեցնել:

Հոգեւորականին խօսքով, Չեխիոյ հայ համայնքը մտաւոր կարողութիւններով բարձր անձերէ  բաղկացած, համալսարանական երիտասարդներ կան, բազում արուեստագէտներ, գործարարներ: «Արդէն 5 տարի է` Փրակի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն ունինք, եւ դեսպանատան հետ համագործակցութեան արդիւնքով բաւականին լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած ենք, կը գործէ «Օրեր» ամսագիրը, որուն գլխաւոր խմբագիրն է մեր բարեկամ Յակոբ Ասատրեանը, ունինք շաբաթօրեայ հայկական դպրոց, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած են եկեղեցւոյ բարերարները, երիտասարդական միութիւնը, քանի մը կազմակերպութիւն` Չեխ-հայկական մշակութային միութիւնը, «Ուրարտու» միութիւնը, «Արմէնիա» ակումբը եւ այլն: Մէկ խօսքով, տարբեր ուղղութիւններով կ’աշխատին բաւականին յաջող, կը փորձենք Չեխիոյ հայութեան կարող ուժերը` մտաւոր եւ գործարար, համախմբել` բոլոր խնդիրները միասին լուծելու համար»,- նշեց Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հոգեւոր հովիւը:

Հետաքրքրուեցանք` վերջին անգամ հայկական եկեղեցւոյ մէջ ե՞րբ  կատարուած է պսակի, մկրտութեան արարողութիւն: Հայր Բարսեղը ըսաւ, որ անցեալ տարի երկու մկրտութեան եւ մէկ պսակի արարողութիւն  եղած է Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ, ընդ որում` պսակի արարողութիւնը Դեկտեմբեր 25-ին էր: Ան յոյս ունի, որ պսակուողներն ու մկրտուողները պիտի յիշեն, որ Փրակի Սուրբ Հոգիին մէջ  պսակադրուած եւ մկրտուած են:

Պրահա

Մեր զրուցակիցը յայտնեց, որ վերջին 4-5 տարիներուն հրաշալի յարաբերութիւններ ստեղծուած են Չեխիոյ քարտինալ Տոմինիք Տուքայի հետ, ու հէնց անոր շնորհիւ  Փրակի ճիշդ կեդրոնին մէջ գտնուող Սուրբ Հոգի եկեղեցին անժամկէտ տրուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: «Բաւականին դժուար աշխատանք էր, անհնարին թուացող, բոլորը կը զարմանային, թէ ինչպէ՞ս  մեզի տուած են եկեղեցի Փրակի կեդրոնին մէջ: Մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք քարտինալ Տուքային, որ իր հայանպաստ, հայասէր վերաբերմունքը տուաւ նման արդիւնք: Ի դէպ, Փրակի մէջ նաեւ ունինք հայկական խաչքար, որուն բացման ներկայ էր ՀՀ նախագահը, ու խաչքարի տեղը նոյնպէս տրամադրած է քարտինալ Տուքան»:

Հայր Բարսեղին հարցուցինք` կա՞ն հայեր, որ որեւէ հայերէն բառ չեն գիտեր, բայց սիրով  կ’այցելեն հայկական եկեղեցի: Հոգեւորականը պատասխանեց, որ ատոնք հիմնականին մէջ նոր սերունդի երիտասարդներ են, ու փաստեց, որ այդ առումով Չեխիոյ մէջ վիճակը աւելի բարւոք է, քան Գերմանիոյ հայկական համայնքներուն մէջ, ուր հայերէնը աւելի տկար է: Հարցուցինք` պատահա՞ծ է, որ խառն ամուսնութիւններու պարագային` հայկական եկեղեցւոյ մէջ պսակուին: «Ամուսնութիւններու 80 տոկոսը խառն են, եւ ատոնք հիմնականին մէջ կը կատարուին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Քանի որ արդէն կայացած իրավիճակներ կը հանդիպին, ու այնպէս է, որ մարդիկ պէտք է անպայման ամուսնանան, կը փորձենք գոնէ մեր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ պահել, չենք կրնար խիստ վերաբերմունք ունենալ անոնց նկատմամբ, այլապէս կը խուսափին եւ՛ համայնքէն, եւ՛ եկեղեցիէն: Հէնց մեր ջերմ վերաբերմունքն ալ մարդոց առիթ կու տայ աւելի ծանօթանալու, հայ մնալու եւ  հայկականութիւնը պահելու»:

Քանի որ Սփիւռքի մէջ յաճախ կը պատահի, որ աւանդական կուսակցութիւններու ու կառոյցներու տարաձայնութիւնները բացասաբար կ’անդրադառնան հայ համայնքին վրայ, հետաքրքրուեցանք` Չեխիոյ մէջ կա՞յ նման իրավիճակ: «Մեր համայնքը շատ ուրախ եւ երջանիկ է, որ կուսակցութիւններ չունինք»,-ժպտելով ըսաւ հայր Բարսեղը: Հարցազրոյցի աւարտին ան մաղթեց` մեր հայրենիքը տեսնել այնքան ամուր, որ ոեւէ հայ հայրենիքէն չհեռանայ, սահմանները խաղաղ ըլլան, զինուորները անվնաս, քաղաքացիներն ալ աշխատանք ունենան ու բարօրութեան մէջ ապրին, իսկ «դուրսը» գտնուողներն ալ հնարաւորինս աջակցին, որպէսզի Հայաստանը հզօրանայ:

ԳՈՀԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Փրակ-Երեւան

Scroll Up