Պայթիւնէն Բացի` Նաեւ Մեծ Հրդեհ Սթամպուլի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/hrdeh_1-300x225.jpg)
Սթամպուլի մէջ այսօր առաւօտեան ժամերուն տեղի ունեցած պայթիւնէն բացի քաղաքի մէկ այլ թաղամասի` Մալթեփէի մէջ, հիւրանոցներէն մէկուն շինարարական հրապարակին մէջ խոշոր հրդեհ բռնկուած է:
Ականատեսներու պնդմամբ հրդեհէն առաջ պայթիւն տեղի ունեցած է, որմէ ետք 12 յարկանի հիւրանոցը կրակի մէջ յայտնուած է:
ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` թրքական «Sondakika» լրատուական կայքի տեղեկացմամբ` դէպքի վայր մեկնած են մեծ թիւով շտապ օգնութեան եւ հրշէջ մեքենաներ: Հիւրանոցի շինարարական հրապարակին վրայ աշխատող մօտ 14 շինարարներ տեղափոխուած են հիւանդանոց: Այս պահուն փրկարարները դէպքի վայրին մէջ կը շարունակեն աշխատանքները` փորձելով տարհանել հիւրանոցին մէջ գտնուող միւս շինարարները: