Հայկական Երգը Թեւածեց Հեռաւոր Գամչատկայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/Caghkazard.jpg)
Գամչատկայի հայ համայնքը դեռ երկար պիտի յիշէ 2016 թուականի Ամանորը: Ամանոր, որ լի էր հայկական ժողովրդական երգերով եւ Հայաստանէն ժամանած հիւրերով:
Դեկտեմբեր 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Արարատեան Հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» համախումբը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով հեռաւոր Գամչատկայի մէջ համերգ ունեցած է:
Շրջագայութենէն ստացած տպաւորութիւնները «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ներկայացուց խումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Լիլիթ Գրիգորեան:
«Չնայած բոլորս առաջին անգամ Ամանորին ընտանիքէն հեռու կը գտնուէինք, բայց օտարութիւն չզգացինք, քանի որ ջերմ ընդունելութեան արժանացանք ռուսաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն, յատկապէս` համայնքի ղեկավար Արթուր Խաչատրեանի կողմէ:
Ինչ կը վերաբերի կազմակերպչական հարցերուն, ապա նշեմ, որ ամէն ինչ մանրակրկիտ մտածուած էր, որպէսզի չանհանգստանայինք եւ կեդրոնանայինք միայն ելոյթին վրայ»,-նշեց Լիլիթը:
Խումբի անդամները շատ ուրախացած են` տեսնելով, թէ ինչպէս մարդիկ, տօնական եռուզեռը ձգած, միասնաբար եկած են` համերգին մասնակցելու: Նոյնիսկ ռուսեր նկատած են հանդիսատեսի շարքերուն, որոնք մինչեւ վերջ ուշի-ուշով ունկնդրած են հայկական երգերը: Անկեղծ ընդունելութիւնը եղած է շարժառիթը, որ խումբի անդամները մէկուկէս ժամ, առանց յոգնութեան նշոյլի, երգած են: Խանդավառութիւնը այնքա՜ն մեծ եղած է դահլիճէն ներս, որ համերգի աւարտէն ետք հանդիսատեսը խումբին կրկին երգելու խնդրանքով դիմած է, որ անպատասխան չէ մնացած:
Տօնական համերգին հնչած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը: Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են Գամչատկայի մէջ ապրող տաղանդաւոր հայ պատանիները:
«Տարբեր համայնքներու մէջ ելոյթներ ունեցած ենք, նկատած սփիւռքահայերու համախմբուածութիւնը, սակայն Գամչատկայի հայ համայնքը իւրովի կազմակերպուած էր եւ հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած, հպարտութիւնը այնչափ էր եւ բոլոր կատարումներուն ժամանակ կը ձայնակցէին մեզի: Անոնց հոգեվիճակէն կը հասկնայինք, որ առ Հայրենիք կարօտով լեցուած են»,-ըսաւ խումբի ղեկավարը:
Լիլիթ դրուատանքի խօսքեր ըսաւ Գամչատկայի հայ համայնքի ղեկավար Արթուր Խաչատրեանի մասին, որ համայնքին նուիրեալ, հայրենակիցներու հոգով ապրող եւ ազգասէր անձնաւորութիւն մըն է: Եւ հէնց անոր հիւրընկալ օջախին մէջ «Ծաղկազարդ» համախումբի անդամները դիմաւորած են 2016 թուականը:
Ազատ օրերուն անոնք հասցուցած են աւելի մտերմիկ պայմաններու մէջ հաղորդակցիլ իրենց հայրենակիցներուն հետ եւ նկատած են, որ գործունեայ, հայրենասէր մարդիկ են: Օտարութեան մէջ գտնուելով` ամէն կերպ կը փորձեն իրազեկ ըլլալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ միշտ Հայրենիքին մօտ զգալ:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ «Ծաղկազարդ» համախումբը արդէն եօթ տարի է, որ աշխոյժ համագործակցութեան մէջ է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ` ելոյթներ ունենալով նախարարութեան կողմէ իրականացուող տարբեր ձեռնարկներու ժամանակ: Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ խումբը հայկական մշակոյթը տարածելու նպատակով համերգներ ունեցած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ եւ շարք մը այլ համայնքներու մէջ:
Գէորգ Չիչեան