Էդուարդ Շարմազանով Պարգեւատրած Է Էսթոնիոյ Հայկական Համայնքի Ներկայացուցիչները

Աշխատանքային այցով Էսթոնիա գտնուող ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով Պալթեան երկիրներու մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Այվազեանի եւ Էսթոնիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ Յունուար 10-ին այցելած է Թալինի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցի:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ փոխնախագահի աշխատակազմէն, Էդուարդ Շարմազանով Էսթոնիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է անոնց յուզող հարցերը, միտքեր փոխանակուած են Հայրենիքի եւ ազգի համար օրակարգային հարցերու շուրջ:
Երկուստեք կարեւոր համարուած է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդումն ու յետագայ կայուն, անշեղ զարգացումը: Էդուարդ Շարմազանով ՀՀ Ազգային ժողովի պատուոգիրներով պարգեւատրած է Էսթոնիոյ հայկական համայնքի ղեկավար Ռազմիկ Իւանեանը, համայնքի ներկայացուցիչներ Կարէն Տէր-Յովհանեսեանը եւ Քրիստինէ Յակոբջանեանը` Թալինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման գործին մէջ ունեցած ամենաաշխոյժ մասնակցութեան եւ մեծ ներդրման համար: