Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Ցուցադրութեան 2015-ին Ծանօթացած է 72 Հազար Այցելու

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նոր ու համալրուած ցուցադրութեան 2015-ին ծանօթացած է մօտ 72 հազար այցելու: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին լրագրողներու հետ տարեվերջի հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան:
«Տարին աննախադէպ էր թուրք այցելուների քանակով: Այս տարի թանրագարանի վերաբացումից յետոյ թանգարան է այցելել Թուրքիայի 1000 քաղաքացի»,- ըսած է Լուսինէ Աբրահամեան: Անոր խօսքով` տարբեր երկիրներէ թանգարան այցելած է մօտ 71 պատուիրակութիւններ, որոնց մէջ` Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եկած Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Կիպրոսի եւ Սերպիոյ նախագահներուն գլխաւորած պատուիրակութիւնները:
Այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ այցելած է Հանրապետութեան ու Սփիւռքի 16 հազար աշակերտ եւ ուսանող: