Հռոմի Պապը Սուրբ Ծնունդի Առիթով Յորդորած է Վերադառնալ «Անխախտ Արժէքներուն»

Միլիոնաւոր քրիստոնեաներ` կաթոլիկներ եւ առանձին եկեղեցիներու ուղղափառներ, կը նշեն քրիստոնէական գլխաւոր տօներէն մէկը` Քրիստոսի ծնունդը: Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, որուն համար ասիկա արդէն երրորդ Սուրբ ծնունդն է Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելէն ետք, պատարագ մատուցած է Վատիկանի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով BBC-ն:

Հովուապետը Սուրբ ծննդեան իր քարոզին ընթացքին յորդորած է բոլոր անոնք, որոնք «արբած են սպառման մոլուցքով եւ կուրցած արտաքին փայլէ», յիշել կեանքի անխախտ արժէքներուն մասին: Պապը արծարծած է իրեն համար կարեւոր գթասիրութեան, կարեկցանքի եւ արդարութեան թեմաները: «Հասարակութեան մէջ, որ յաճախ կ՝արբի սպառման մոլուցքով եւ վայելքներու ծարաւով, հարստութեամբ ու վատնողութեամբ, ինքնասիրահարուածութեամբ ու ունայնութեամբ, Քրիստոս մանկիկը կը յորդորէ մեզ ապրիլ ժուժկալ կեանքով, այլ խօսքով, պարզ կեանքով, որ անհրաժեշտ է տեսնելու ու հասկնալու` թէ ինչն է կարեւոր»,-­ ըսած է պապը:

Հռոմի պապի Սուրբ ծննդեան ժամերգութիւնը լսելու համար Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճար հաւաքուած է 10 հազար մարդ: Դեկտեմբեր 25-­ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս պապը Հռոմի Սուրբ Պետրոսի տաճարի պատշգամբէն հանդէս պիտի գայ Urbi et Orbi (Քաղաքին եւ Աշխարհին) աւանդական Սուրբ ծննդեան ուղերձով:

Scroll Up