Կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Կից Ատեանի Նիստը

Դեկտեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը: Քննարկուեցաւ  երեք հարց:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի 2016 թուականի աշխատանքային ծրագիրներու եւ 2016 թուականին  ՀՀ Սփիւռքի նախարարին կից ատեանին մէջ քննարկուելիք հարցերուն վերաբերեալ զեկուցեց սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար  Ֆ. Զաքարեան: Զեկուցողը նշեց, որ 2016 թուականին եւս պիտի իրականացուին սփիւռքահայերու ընդելուզման, սփիւռքի երիտասարդներու  հայրենաճանաչութեան «Արի տուն»,«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրները, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: Ֆ. Զաքարեան շեշտեց, որ սփիւռքի նախարարութեան պիւտճէն ուղղորդուած է կրթամշակութային, սփիւռքահայերու ընդելուզման, խորհրդաժողովներու կազմակերպման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: Զեկուցողը ներկայացուց 2016թ. ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան ծրագիր ժամանակացոյցը:

Նախարարը կարեւոր համարեց նախարարութեան աշխատակազմի hամակարգուած աշխատանքը, աւելցուց, որ անհրաժեշտ է նշել 2016 թ. նախատեսուած աշխատանքներու ոչ միայն ժամկէտները, նաեւ` պատասխանատուները եւ արդիւնքները:

Համագործակցութեան յուշագիր կնքուած կազմակերպութիւններուն հետ 2015 թ. իրականացուած ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու վերաբերեալ զեկուցեց համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժինի պետ Անահիտ Դաւթեան:

Զեկուցողը նշեց, որ ի կատարումն ՀՀ Նախագահի յանձնարարականի` 2014թ. սկսած ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը համահայկական տարբեր կազմակերպութիւններու` Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, Հայ օգնութեան միութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, «Երկրապահ կամաւորականներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան հետ կնքած է համագործակցութեան յուշագիրներ եւ համաձայնագիրներ: Անդրադարձ կատարուեցաւ յուշագիրներու ու համաձայնագիրներու ծիրէն ներս իրագործուած ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն: Ներկայացուեցան նաեւ 2016թ. նախատեսուած ձեռնարկները: Կարեւոր համարուեցաւ «Համաշխարհային հայկական կոնգրէս» եւ «Ռուսաստանի հայերու միութիւն» ՀԿ-ներու հետ համատեղ իրականացուող «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հետ համատեղ` Կարօ Սասունիին նուիրուած գիտաժողովի կազմակերպումը, ԱՄՆ Համազգայինի «Սայաթ-Նովա» երգչախումբի եւ Մոնրէալի Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի հիւրախաղերու կազմակերպումը Հայաստանի մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հետ` կազմակերպութեան 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպումը, Հայ օգնութեան միութեան հետ` ՀՕՄ-ի հայաստանեան գրասենեակի 25-ամեակի հանդիսութեան կազմակերպումը: Զեկուցողը նշեց, որ 2016թ. Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն կը նախատեսուի «Աշխարհի առաջնակարգ համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողներու համաժողով»` «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան»,  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, ՌՀՄ ՀՀԿ եւ ՀՄԸՄ աջակցութեամբ:

Մերձաւոր Սփիւռքի հետ կապերու վարչութեան հաշուետուութիւնը ներկայացուց մերձաւոր Սփիւռքի հետ կապերու վարչութեան պետ Տ. Շագոյեան: Զեկուցողը նշեց, որ վարչութեան գործունէութեան առանցքային ուղղութիւնը «Աջակցութիւն մերձաւոր սփիւռքին» ծրագիրի իրականացումն  է, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու հայ­կա­կան համայնքներուն մշտապէս աջակցութիւն ցուցաբերելը, Սփիւռքի նախարա­րութեան ծրագիրներուն անոնց մասնակցութեան ապահովումը: Մերձաւոր սփիւռքի հետ կապերու վարչութիւնը կը համակարգէ Վրաստանի, Թուր­քիոյ, Ապխազիոյ, Հիւսիսային Կովկասի` Ատըղէայի, Գապարտինօ-Պալգարիոյ, Տա­ղ­ս­տանի, Գարաչաեւօ-Չերգեսիոյ, Հիւսիսային Օսիա-Ալանիոյ, Հարաւային Օսե­թիոյ, Ինկուշեթիոյ, Չեչենական Հանրապետութիւններու եւ Սթաւրոթոլի երկրա­մասի հայ համայնքներու հետ կապը եւ «Հայրենիք-Սփիւռք» գոր­ծակցութիւնը:

Ամփոփելով 2015թ. վերջին նիստը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ նախորդ մէկ ամսուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն, անցած տարուան ձեռքբերոմներուն ու բացթողումներուն,  եւ կարեւոր նկատեց սերտ կապն ու համագործակցութիւնը Սփիւռքի բոլոր հայ համայնքներուն հետ այդ ուղղութեամբ նախարարութեան վարչութիւններու կազմակերպուած ու համակարգուած աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը:

atyani nist,,,

Scroll Up