Կոմիտաս Վարդապետին Նուիրուած Երեկոյ Աւստրիոյ ՀՀ Դեսպանութեան «Հայաստան» Մշակութային Կեդրոնին Մէջ

Դեկտեմբեր 17-ին Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան «Հայաստան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրիա-հայկական մշակութային ընկերութեան կազմակերպած երեկոյ` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին խոստումնալից հայ արուեստագէտներ` երգչուհի Աստղիկ Խանամիրեան եւ դաշնակահարուհի Անի Սարիբէկեան: Որպէս բանախօս երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Աւստրիա-հայկական մշակութային ընկերութեան նախագահ Ռազմիկ Թամրազեան, որ ներկայացուց դրուագներ Կոմիտաս Վարդապետի կեանքէն եւ անոր ստեղծագործական անհարթ ուղին:
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրիա-հայկական մշակութային ընկերութեան` տարիներ շարունակ Աւստրիոյ մէջ հայկական մշակոյթը քարոզելու, երկու երկիրներու միջեւ քաղաքակրթական կամուրջներ հաստատելու համար: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց երեկոյի կազմակերպման եւ արուեստագէտներու ելոյթներու կապակցութեամբ եւ երեկոյթին ներկայ մշակոյթի գործիչներուն յորդորեց Հայաստան մեկնելուն այցելել Երեւանեան պանթէոնի հարեւանութեամբ գտնուող Կոմիտաս Վարդապետի նորաբաց թանգարանը: