Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդէն Ներս Նոր Վարչութիւն Ընտրուած Է. Նախագահ` Ժագլին Խաչատուրեան

Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի գլխաւոր համագումարը 2015թ. Նոյեմբեր 15-ին Մայնի Ֆրանքֆուրտի մէջ ընտրեց խորհուրդի նոր վարչութիւն` երեք տարի պաշտօնավարման ժամկէտով: Նիստը բացաւ Պոխումի Ռուհր համալսարանի փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Միհրան Տապաղ: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Փարիզի վերջին ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի վարչութենէն:

Խորհուրդի վարչութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ Ժագլին Խաչատուրեան: Փաստաբանը աշխուժօրէն ներգրաւուած է տեղական քաղաքականութեան մէջ եւ երկար տարիներ կը պայքարի գերմանական հասարակութեան մէջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ մերժողական կեցուաքին դէմ:

Սոնա Յակոբեան ստանձնեց նորընտիր նախագահի տեղակալի պաշտօնը: Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ կառուցանող եւ փայլուն տեխնիկական-վերլուծական ունակութիւններու տէր ան ունի միջմշակութային բնագաւառի աշխատանքի լայնածաւալ փորձ:

Տնտեսագէտ Օհաննէս Ալթունքայեան զբաղեցուց գանձապահի պատասխանատու պաշտօնը: Անոր կենսագրականը կը համատեղէ տնտեսական փորձաքննութեան բազում տարիներու փորձը տարաբնոյթ նախագիծերու կառավարման եւ քաղաքական աշխատանքին հետ:

Վարչութեան միւս անդամ ընտրուեցաւ Անի Սմիթ-Տագէսեան: Ան քաղաքագէտ է, ասպիրանտ եւ միջազգային քաղաքագիտութեան դասախօսուհի: Անոր նոր` երիտասարդութեան հարցերու յանձնակատարի պաշտօնը կը ներառէ նոր սերունդին մօտ քաղաքական պատասխանատուութեան բարձացումը, ինչպէս նաեւ այս բնագաւառին մէջ մշակութային ու կրթական ծրագիրներու իրականացումը:

Սամուէլ Լուլուկեան, որ յանձն առաւ քարտուղարի պաշտօնը, խոշոր ընկերութեան մասնաճուղի տնօրէն է: Ան ունի ճշգրիտ գործելաոճ, փայլուն բանակցային ունակութիւններ, ինչպէս նաեւ երկար տարիներու համայնական աշխատանքի փորձ:

 Նորընտիր վարչութիւնը մեծ նուիրումով հետամուտ պիտի ըլլայ  հայկական մշակոյթի պահպանման եւ ցեղասպանութեան ճանաչման գործին: Միեւնոյն ժամանակ երիտասարդ յանձնախումբը կը ցանկայ նպաստել ընդհանուր հասարակութեան բարեկեցութեան: «Հայկական սփիւռքը գերմանական հասարակութենէն մաս մըն է, ինչպէս  հայերու պատմութիւնը մաս մըն է Գերմանիոյ պատմութեան է: Պատասխանատուութիւն ստանձնելով մեր ընդհանուր անցեալի ու ապագայի նկատմաբ, մենք կը տեսնենք մեր պարտականութիւնները երկու հասարակութիւններու միջեւ առկայ բարեկամութեան խորացման մէջ, որ հնարաւոր է միասնաբար խոչընդոտներու յաղթահարման եւ համատեղ համագործակցութեան միջոցով: Միայն ազնիւ գերմանա-հայկական բարեկամութիւնը կրնայ ապահովել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծումը` մեր հայրենակիցներուն հաւատարմութեամբ եւ համերաշխութեամբ օժտուած միասնական հասարակութիւն նեգրաւելու գործին մէջ» ,- իր խօսքին մէջ ընդգծեց վարչութեան նոր նախագահ Ժագլին Խաչատուրեան:

 

Scroll Up