Բարեգործական Համերգներ Ջաւախքի Մէջ

«Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութիւնը, «Գուգարք» անսամպլը եւ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնը կը կազմակերպեն բարեգործական համերգ:

Ըստ Akhaltskha.Net-ի` ողջ հասոյթը կը տրամադրուի երիտասարդական կեդրոններու պարային խումբերուն:

Առաջին համերգը Նինոծմինտայի մէջ տեղի ունեցաւ երէկ` Դեկտեմբեր 20-ին:

Միւս երկու համերգները` այսօր` Դեկտեմբեր 21-ին, Ախալքալաքի մշակոյթի տան մէջ ժամը 18:00-ին եւ Ախալցխայի շրջանի Սուխլիս գիւղի մշակոյթի տան մէջ Դեկտեմբեր 22-ին` ժամը 18:00-ին:

Scroll Up