Թրքական Երգչախումբը Անգարայի Մէջ Պիտի Կատարէ Հայ Երգահաններու Երգերը

Դեկտեմբեր 23-ի երեկոյեան Անգարայի «Լէյլա» երիտասարդական օփերայի եւ արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ համերգ, որուն ընթացքին կը հնչեն հայ, յոյն եւ հրեայ երգահաններու  ստեղծագործութիւնները:

ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` թրքական «Sabah» պարբերականի կայքէն կը տեղեկանանք, որ նշեալ համերգը ներկայացնող երգչախումբը` «Թրքական երաժշտութեան երաժշտանոցի միութիւնը»,  պիտի ղեկավարէ խմբավար Չեթին Քիւրքչուն:

Երգչախումբը ստեղծուած է 1948 թուականին, իսկ Քիւրքչուն խումբի ղեկավարումը ստանձնած է 1973 թուականէն:

Scroll Up