«Կռունկ» Խումբի Ելոյթը Նոր Ջուղայի ՄԷջ` Նուիրուած «Արարատ» Միութեան Հիմնադրման 60-Ամեակին

Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան հիմնադրման եւ գործունէութեան 60-ամեակի  նշման ձեռնարկներու ծիրէն ներս  Դեկտեմբեր 3-ի երեկոյեան նոյն միութեան բեմին վրայ  տարեկան ձեռնարկով հանդէս եկաւ միութեան Մշակութային միաւորի «Կռունկ» համոյթը` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Յակոբ Մարգարեանի եւ ասմունքի խումբի պատասխանատու Ռիմա Սիմոնեանի,    համագործակցութեամբ` պարի փորձավար Քրիստինէ Յակոբեանի: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը  տեղեկացնէ Ն. Ջ. Հայ Մ.Մ.«Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան:

Ներկաներուն ողջունեց  միութեան Մշակութային միաւորի  վարչութեան նախագահ Քարմէն Ղեւեան եւ հակիրճ տողերով անդրադարձաւ  երկրի  եւ արտերկրի մէջ  խումբի իրականացուցած համերգներուն, որոնք արժանացած են    հանդիսատեսի  բուռն գնահատանքին: Ապա բեմը տրամադրեց «Կռունկ»-ին:

Խումբը  երեք տարիքային խումբերով հանդէս եկաւ 15 պարային համարներով, որոնց  մեկնարկը «Զարթօնք» պարն էր, որուն յաջորդեցին «Գողթանի», «Հանինօ», «Կարապներ», «Շատախի», «Շիրակի», «Սեւանի», «Յունական», «Տօնական» եւ այլ պարերը:  Ծրագիրի ընթացքին  ասմունքի խումբի անդամուհիներ`  Թալին Մովսիսեան եւ Լալագէ Իսաղուլեան  հանդէս եկան  Սայաթ Նովայի «Ես քու  ղիմէթը չեմ գիտի» եւ Վահան Տէրեանի «Կարուսել» բանաստեղծական կտորներու ասմունքով, որոնց շարունակութիւնը հանդիսացաւ Վանայ Շիրվանեանի կատարմամբ նոյն  ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ստեղծուած երգերը, իսկ Թանիա Մինասեան ասմունքեց  Սիլվա Կապուտիկեանի «Ընդիմախօսութիւն» բանստեղծութիւնը:

Ուշագրաւ էր  նաեւ բազմազան շարժումներով մանկական «Լիտուշիկ» պարը, որ երեխաներու միջոցով ներկայացուեցաւ անթերի եւ հանդիսատեսին մօտ ստեղծեց առանձնակի խանդավառութիւն:

Համերգը ամփոփուեցաւ «Հզօր Հայաստան» երգի ներքոյ բոլոր անդամներու  միասնական պարով, որոնց  միացան բոլոր մասնակիցները Այնուհետեւ երեկոյի իրականացման առթիւ համագործակցութեան համար  Մշակութային միաւորի վարչութեան  նախագահը շնորհակալական խօսք ուղղեց   բոլոր մասնակիցներուն, ղեկավարներուն եւ Կեդրոնական վարչութեան:

Մատուցուած գեղեցիկ, անթերի  եւ պատգամներով լեցուն երեկոյի եզրափակիչ խօսքին մէջ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք. Չարեան, գնահատելով երեկոյի կազմակերպումը, դրուատեց  խումբի անդամուհիներու միջոցով իրականացած երեկոն եւ, ինչպէս միշտ, կոչ ուղղեց տղաներուն, որպէսզի մասնակից ըլլան պարախումբերու աշխատանքներուն: Թեմի Առաջնորդը նաեւ ըսաւ, որ տղաները միշտ պիտի աղջիկներուն կողքին  ըլլան, միասին միայն կը դառնան հզօր բանակ  եւ առաւել կը հզօրացնեն եւ կը պայծառացնեն  մեր համայնքը: Գնահատելով  միութեան պատասխանանուներն ու համոյթի ղեկավարները` Տ. Բաբգէն արք. Չարեան առանձնայատուկ   գնահատանքի խօսք ըսաւ փոքրիկ պարողներուն:

Սրբազան Հայրը  նաեւ իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց, որ երեկոն նուիրուած էր «Արարատ» միութեան հիմնադրման 60-ամեակին, եւ իր յարգանքը յայտնեց հիմնադիր ղեկավարներուն եւ ներկայիս աշխատող  միութենականներուն: Նաեւ իր ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը յայտնեց`  բազմաթիւ ձեռնարկներու շնորհիւ համայնքէն ներս  տիրող  աշխուժութեան  եւ համայնքի  կենսունակութեան կապակցութեամբ:

Նշելի է, որ  իրականացուած համերգը  մեծ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցաւ  լեփ-լեցուն սրահին մէջ հաւաքուած հանդիսատեսին կողմէ:

Կռունկ16Կռունկ15 Կռունկ14Կռունկ13 Կռունկ12Կռունկ11 Կռունկ8Կռունկ7 Կռունկ6 Կռունկ5 Կռունկ3 Կռունկ2 ԿռունկԿռունկ9

Scroll Up