651-Ամեայ Համալսարանի Գիտութիւններու Առաջին Հայուհի Թեկնածուն

Նոյեմբեր 26-ին Գրագովի (Լեհաստան) Եակելոնեան համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքի Collegium Novum կոչուող սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատմութեան բաժանմունքի ասպիրանտի բաժինի շրջանաւարտներու վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօր»-ի` կը յայտնէ armacad.info-ն:

Քսանմէկ շրջանաւարտներուն մէջ էր նաեւ Մատենադարանի գիտաշխատող, Միջնադարեան սկզբնաղբիւրներու ուսումնասիրման բաժինի աշխատակից Փիրուզ Մնացականեան: Վերջինս 2015 թ.-ին հիմնադրման 651-րդ ամեակը բոլորած, Արեւելեան Եւրոպայի հնագոյն համալսարաններէն Եակելոնեան համալսարանի պատմութեան առաջին հայուհին է, որ արժանացաւ գիտական այդ կոչման:

Փիրուզ Մնացականեանի գիտական ատենախօսութեան թեման նուիրուած է լեհահայ գրչութեան, իսկ գիտական ղեկավարն է փրոֆէսոր Քշիշտոֆ Սթոպկան:

Նկար` ձախէն աջ` փոխտնօրէն փրոֆ. Սթանիսլաւ Սրոքա, Փիրուզ Մնացականեան, փրոֆ. Քշիշտոֆ Սթոպկա: Լուսանկ.`Եակելոնեան համալսարանի կայքէջէն

Scroll Up