Հայկական «Shadowmatic»-ը 10-էն Աւելի Երկիրներու AppStore-ի Լաւագոյն Խաղերէն Է
Հայկական «Shadowmatic»-ը կարգ մը երկիրներու մէջ AppStore-ի տարուան լաւագոյն խաղ ճանչցուած է: Մասնաւորապէս, խաղը լաւագոյններէն է Աւստրալիոյ, Պրազիլի, Գերմանիոյ, Չինաստանի, Միացեալ Թագաւորութեան, Հոնկ Քոնկի, Հնդկաստանի, Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի, Թայուանի, Մեքսիքայի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի մէջ:
«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին խաղին համահեղինակ Բագրատ Դաբաղեանը նշած է, որ զարմացած են, որ 2015-ի լաւագոյն հաւելուածներու ցանկին մէջ յայտնուելէն բացի, ճանչցուած են շարք մը երկիրներու AppStore-ի տարուան խաղը: Ատիկա իրենց կը պարտաւորեցնէ խաղն աւելի հետաքրքրական դարձնելու օգտատէրերուն համար:
Յիշեցնենք, որ «Shadowmatic» խաղը «Triada Studio» ընկերութեան արտադրանք է: «Shadowmatic» խաղը ստեղծած են Բագրատ Դաբաղեանը, Արսէն Աւոյեանը, Սերկէյ Մելքոնեանը եւ Արա Աղամեանը, իսկ «Triada Studio»ն հիմնադրուած է 1993-ին։ Խաղը կարելի է գնել «Apple App Store»-էն: