Գրագովի Հայ Մշակութային Ընկերութիւնը 25 Տարեկան Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/Krakov.jpg)
Դեկտեմբեր 5-ին ԼեհաստանիԳրագով քաղաքին մէջ շարք մը ձեռնարկներ կազմակերպուած էին Գրագովի Հայ մշակութային ընկերութեան գործունէութեան 25-ամեակին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք լեհահայերու կազմակերպած առաջին հայկական համաժողովի 35-ամեակի յոբելեաններուն առթիւ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Այդ օրը Գրագովի պետական ֆիլհարմոնիայի Ոսկեզօծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նիստ, որուն մասնակցեցան Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեան, Կրակովի Հայ մշակութային ընկերութեան նախագահ Մաչէյ Եանիկը, Լեհաստանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորական Տատէուշ Իսակեւիչ-Զալեսկին, Լեհահայոց մշակութային ժառանգութեան հիմնադրամի նախագահ Եան Աբգարովիչը, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Գրագովի Եակելոնեան համալսարանի շարք մը փրոֆէսորներ, Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ այլն:
Ձեռնարկին ժամանակ ներկայացուեցաւ Գրագովի Հայ մշակութային ընկերութեան գործունէութեան 25 տարիներու պատմութիւնը եւ դերը հայ համայնքի կազմակերպման կեանքին մէջ: Հանդիսաւոր նիստին շնորհաւորական ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ դեսպան Էտկար Ղազարեան: Իր ելոյթին մէջ դեսպանը ընդգծեց Լեհաստանի հայ համայնքի առանձնայատուկ դերը հայկական Սփիւռքի` նկատի ունենալով ատոր քանի մը հարիւր տարուան հարուստ պատմութիւնը: Դեսպանը գոհունակութեամբ նշեց նաեւ, որ Հայ մշակութային ընկերութիւնը իր գործունէութեան 25 տարիներուն ընթացքին կրցած է ամրապնդել եւ կազմակերպուած բնոյթ հաղորդել հայ համայնքին, ներկայացնել Լեհաստանի հայերու պատմութիւնը, իսկ մեր լեհ բարեկամներուն` հայկական մշակոյթն ու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, իրականացնել հրատարակչական, կրթական, մշակութային բազմաթիւ ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ: Ան առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ մշակութային ընկերութեան, յատկապէս 2015 թուականի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս բազմաթիւ բովանդակային, արժէքաւոր եւ յիշարժան ձեռնարկներու բարձր մակարդակով կազմակերպման համար:
Հանդիսաւոր նիստէն ետք ներկայացուեցաւ գրական-գեղարուեստական ծրագիր, որուն ընթացքին PERFORMER թատրոնին կողմէն ներկայացուեցան Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան», ինչպէս նաեւ Պոկտան Գասպարովիչի եւ Վարուժան Ոսկանեանի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ներկայացումներ:
Նոյն օրը ձեռնարկի մասնակիցները այցելեցին Գրագովի միջազգային մշակութային կեդրոն, ուր 2015 թուականի Նոյեմբեր 25-ին պաշտօնապէս բացուած է «Լուովի հայկական տաճարը եւ ատոր հեղինակները» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան մասին պատմող նիւթեր: