Ստորգետնեայ Պայթում Մը Ցնցեց Հալէպը

Դեկտեմբերի 7-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Հալէպի մէջ ռուսական հիւպատոսարանին մօտակայքը արձակուած հրթիռի մը պայթումով արձանագրուեցաւ 3 զոհ, 5 վիրաւոր: Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:
Միւս կողմէ, զինեալ խմբաւորումներ Հալէպի հիւսիսը գտնուող ԱլԽալտիէ շրջանին մէջ ստորգետնեայ անցք մը պայթեցուցին եւ փորձեցին թափանցել շրջան: Սուրիական բանակը սակայն ետ մղեց զինեալներն ու իր վերահսկողութեան տակ պահեց շրջանը: