Օլեկ Եսայեան. Լազարեան Տոհմի Ներկայացուցիչներն Իրապէս Պատմութեան Մէջ Իրենց Եզակի Տեղն Են Զբաղեցրել

Դեկտեմբեր 4-ին ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ՀԱԵ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի ներքոյ գործող թանգարանի նախաձեռնութեամբ` մոսկովեան թանգարանի շքասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լազարեաններու արեւելեան լեզուներու ինստիտուտի 200-ամեակին նուիրուած կլոր-սեղան քննարկումը, որուն մասնակցեցան ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպան Օլեկ Եսայեան, ՀԱԵ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, Մոսկուայի տարբեր գիտակրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ու լազարեանագէտներ, Մոսկուայի հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներն ու տեղի համալսարաններու հայ ուսանողները: Այս մասին կը  յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Կլոր-սեղան քննարկման բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպան Օլեկ Եսայեան, որ իր ելոյթին մէջ նշեց Մոսկուայի Հայկական նրբանցքին տեղակայուած, Լազարեաններուն կողմէ հիմնադրուած արեւելեան լեզուներու ինստիտուտի 200-ամեայ յոբելեանին առթիւ Ռուսաստանի տարբեր հարթակներու վրայ տարուան սկիզբէն մեկնարկած ձեռնարկներու կարեւորութիւնը` ընդգծելով նաեւ կրթական հաստատութեան բացառիկ դերակատարումը ռուսաստանեան գիտակրթական բնագաւառի յառաջընթացի եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ: «Իմ խորին համոզմամբ, մեր առաքելութիւնն է մեծանուն մարդկանց հանդէպ յաւիտենական երախտիքի եւ նուիրումի զգացումը փոխանցել սերնդեսերունդ: Լազարեան տոհմի ներկայացուցիչներն իրապէս պատմութեան մէջ իրենց եզակի տեղն են զբաղեցրել, եւ նրանց թողած հոգեւոր եւ նիւթական ժառանգութիւնն այսօր էլ ձեւաւորում է Լազարեան տոհմի պատմական կերպարը: Ակնյայտ է, որ 300 տարի անց եւս եկող սերունդները մեծ երախտագիտութեան եւ շնորհակալանքի զգացումով են խօսելու այս տոհմի ներկայացուցիչների գործունէութեան մասին», – նշեց դեսպան Եսայեան:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Լազարեաններու գործունէութեան, նշեց, որ հայ եւ ռուս ժողովուրդները իրար կապող Լազարեան ընտանիքի ձգած հարուստ ժառանգութիւնը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի ողջ հայութեան համար եղած եւ մնացած է հպարտանքի եւ զարգացման ուղեծիր:

Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Լոմոնոսովի անուան Մոսկուայի պետական համալսարանի դասախօսներ, ռուսաստանեան հասարակական եւ գիտական ոլորտի անուանի գործիչներ եւ հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ` հանգամանալից անդրադառնալով Լազարեան ընտանիքի բազմոլորտ գործունէութեան ու հայ-ռուսական տնտեսական, մարդասիրական եւ հասարակական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ անոնց  նշանակալի աւանդին:

Scroll Up