Կրթամշակութային Կեդրոնի Հանդիսաւոր Բացումը Պաթումի Մէջ (Տեսանիւթ)

Դեկտեմբեր 5-ին Պաթումի մէջ տեղի ունեցաւ Ալ.Մանթաշեւի անուան կրթամշակութային կեդրոնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եուրի Վարդանեան, Պաթումի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեան, «Ճինիշեան» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Յակոբեան, ՀԱԵ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան, Աճարիոյ հայերու միութեան նախագահ Գրիգոր Վարդանեան, մեծաթիւ աճարահայեր եւ հիւրեր:

Հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ հնչեց նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը` ուղղուած աճարահայ համայնքին:

Scroll Up