Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնը Արդէն 8 Տարեկան Է

Դեկտեմբեր 6-ին բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ, քանի որ Կեդրոնէն ներս կը տօնէին կրթօճախի 8-ամեակը: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի»` կը յայտնէ akhaltskha.net-ը:

Օրը սկսաւ ցերեկոյթ – ձեռնարկով: Այն սկսաւ թատերական բեմադրութեամբ. Մշակութային կեդրոնի թատերական խմբակի սաները գեղեցիկ եւ փայլուն ձեւով ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուռին» բեմադրութիւնը, որմէ ետք իր շնորհակալական ու շնորհաւորանքի խօսքը ԱԵԿ-ին եւ աշխատակազմին յղեց կեդրոնի աշխոյժ եւ պարտաճանաչ սան Օ. Գէորգեան`ամբողջ աշխատակազմին նուիրելով իր իսկ գրած բանաստեղծութիւնը:

Իր շնորհաւորանքի եւ գովեստի խօսքերով հանդէս եկաւ նաեւ կրթօճախի պատմութեան ուսուցիչ Վ. Ռստակեան` յուսալով, որ դեռ շատ ու շատ տարիներ կեդրոնը պիտի նշէ իր տարեդարձը` համալրելով եւ շատցնելով կեդրոն յաճախող սաներու թիւը:

Հրաշալի տրամադրութիւնը, աւանդոյթի համաձայն, ապահովուեցաւ ԱԵԿ-ի պարի խմբակի սաներուն կողմէ` Քոչարի եւ ազգագրական պարերու շարանով:

Ձեռնարկէն ետք նոյն տրամադրութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ սեղաններու շուրջ: Ներկաները իրենց բարեմաղթանքները յղեցին ԱԵԿ-ին ` ցանկալով երկար ու ձիգ աշխատանքային տարիներ:

Scroll Up