Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ընդունեց պատգամաւոր Վալերի Պուայէի օրինագիծը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ: «Արմէնփրէս»-­ի հաղորդմամբ` քուէարկութեան մասնակցած 38 պատգամաւորներէն 26­-ը կողմ  քուէարկած են նախագիծին, 12` դէմ:

Քննարկման մասնակցած ու ելոյթ ունեցած պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը կողմ հանդէս կու գար, որ Ֆրանսան ունենայ օրէնք, որով պատիժ կը սահմանուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներու նկատմամբ: «Ժամանակն է, որ Ֆրանսան ստանձնէ այն պատասխանատուութիւնը, որ ունի ժողովրդավարութեան պահպանման հարցով: Յոյս ունիմ, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորները կ’ըլլան միասնական օրինագիծի քուէարկման ժամանակ»,-­քննարկման սկիզբը յոյս  յայտնած էր Պուայէն:

2013 թուականի Յունուարին Պուայէի պատրաստած նախագիծը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ ընդունուած էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Սենատի կողմէ, սակայն երկրի Սահմանադրական խորհուրդը այն սահմանադրութեան հակասող  ճանչցած էր:

Scroll Up