Իտալիոյ Լ’Աքուիլայի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Նոյեմբեր 26-ին Իտալիոյ Լ’Աքուիլայի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իտալիոյ հայերու միութեան ուղղուած նամակներուն մէջ Լ’Աքուիլայի քաղաքապետ Մասսիմօ Չիալենտեն տեղեկացուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Լ’Աքուիլայի քաղաքային խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին` ի հաստատումն պատմական ճշմարտութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան: